image

Մոսկուա Թեհրան տարակարծութի՞ւն. «Wall Street Journal»-ի դիտարկումը

Մոսկուա  Թեհրան   տարակարծութի՞ւն. «Wall Street Journal»-ի  դիտարկումը

Ամերիկեան «Wall Street Journal» թերթը յայտնած է, թէ վերջին շրջանին իսրայէլեան ուժերու կողմէ իրանեան ռազմակայաններու թիրախաւորումը վտանգած է Քրեմլինի եւ Իրանի ռազմական դաշինքի ապագան:

 

Թերթը նշած է, որ Սուրիոյ նախագահ Ասատի կողմէ սուրիական հողերու մեծ մասի ազատագրումէն ետք Մոսկուա սկսած է մտահոգութիւն յայտնել Իրանի կողմէ սուրիական հողերը Իսրայէլի դէմ որպէս յարձակման յենակէտ օգտագործելու առումով:

 

Թերթը միաժամանակ կարծիք յայտնած է, որ ներկայիս Ռուսիա կը խուսափի Իրանի հետ ակնյայտ հակամարտութեան մէջ յայտնուելէ, որովհետեւ նաւթի ոլորտին մէջ կը ձգտի վերջինիս հետ սերտ կապեր ստեղծել, ինչպէս նաեւ ամրապնդել իր գոյութիւնը Իրաքի մէջ, ուր Իրան զգալի ազդեցութիւն ունի:

 

Թերթը, փոխանցելով քաղաքական վերլուծաբաններու կարծիքները, մասնաւորապէս անդրադարձած է Մուսկուայէն ակնկալուող Իրանի օգուտներուն, նշելով, որ Թեհրան ներկայիս մեծ ցնծութեան մէջ է, որովհետեւ իր դէմ կիրառուող պատժամիջոցներու ժամանակաշրջանին Մոսկուայի նման դաշնակից ունի իր կողքին, սակայն Իրան քաջատեղեակ է նաեւ, որ Ռուսիոյ հետ իր դրական յարաբերութիւնները մշտական չեն, եւ վերջինս իր լաւ ու վատ օրերուն իր կողքին կանգնած պիտի չմնայ:

 

Աղբիւրը շեշտած է, որ իսրայէլեան սահմանին իրանեան ուժի զգալի հզօրացումը Ռուսիոյ կողմէ որպէս վտանգ կը դիտարկուի, միաժամանակ յայտնելով, որ վերջիններս Սուրիոյ պատերազմէն ձեռք բերուած օգուտները բաժնելու առումով նոյնպէս տարակարծութիւններու մէջ յայտնուած են: