image

«Կանաչ սնունդ». Սուրիահայ Աւօ Լախոյեան խօսած է իր հիմնադրած հիմնարկին մասին

«Կանաչ  սնունդ». Սուրիահայ Աւօ Լախոյեան   խօսած է  իր հիմնադրած  հիմնարկին մասին

Այն օրը, երբ 32-ամեայ Աւօ Լախոյեանը որոշած է հաստատուիլ Հայաստան, հիմնած է օրգանական հումուս արտադրող «Կանաչ սնունդ» ընկերութիւնը։

 

Աւօն սուրիահայ է ու քանի մը անգամ Հայաստան երթալ-գալէ յետոյ որոշած է հաստատուիլ հայրենիք։ «Հայաստանով մոլի դարձած ենք Սուրիոյ մէջ, հոգեպէս պատրաստ ես, լաւ ըլլայ, վատ ըլլայ, քուկդ է, այդ հոգեբանութեամբ մեծացած ենք», - ըսած է ան: Առաջին անգամ Հայաստան 2014-ին եկած է՝ մեղրամիսին։ Այնուհետ կինն ալ եկած է ու այստեղ ծնած է անոնց որդին։ Ու թէպէտ նախապէս որոշած էին, որ կինը պիտի վերադառնար, վերջը՝ Աւօն եկած է Երեւան, իսկ մինչ այդ ամէն այցի ընթացքին ուսումնասիրած է շուկան ու ընտանեկան փոքրիկ գործ սկսելու մտադրութիւն ունեցած է։

 

 

Այսօր անոնց գործին մէջ ներդրուող ամէն լումա վաղուան վաճառքները շատցնելու համար են՝ ըսած է սուրիահայ ձեռներէցը: «Փող վաստակելու շատ ձեւ կայ, բայց ճիշդը որ դուն հանգիստ աշխատիս, հանգիստ քնանաս ու այդ փողը աւելի անուշ կը ծախսես: Հալէպ փողի խնդիր չկայ, եթէ ճիշդ կը տեսնես շուկան, աշխատող ես, ուրեմն փողի տեղ կայ՝ դուն կ'ընտրես շուկայական անիւի դարձուածքը, կրնաս նոյնիսկ Աֆրիքայի մէջ գործ գտնել»,- աւելցուցած է Աւօն, որ նախընտրած է իր ապրուստը վաստակել Հայաստանի մէջ։

 

 

Ներկայիս անոնք օրական կ'արտադրեն 50 քիլոկրամ հումուս, կը փաթեթաւորեն ու կ'առաքեն Երեւանի աւելի քան 120 մեծ ու փոքր խանութներ։ Արդէն քանի մը ամիս Աւօն արտադրանքը կ'առաքէ մոփետով (հեծանիւ), որ ձեռք բերած է ՀՕՖ-ի «Աջակցութիւն սիրիահայեր գործարարներուն» ծրագրէն: «Մոփետը շատ յարմար է քաղաքի մէջ յաճախորդին հասնելու համար։ Մեծ ինքնաշարժը, մանաւանդ ցերեկը, յարմար չէ, տեղ չկայ կայնելու, իսկ մոփետով արագ-արագ կը բաժնեմ», - բացատրած է երիտասարդ գործարարը:

 

 

«Մեր հիմնական նպատակն այն սուրիահայ գործարարներուն աջակցիլն է, որոնք նոր սկսած են իւրացնել իրենց գործի գաղափարներ՝ առկայ ջանքերն ու միջոցները ամբողջութեամբ ներդնելով այդ գործին։ Մենք կը փորձենք օգնել անոնց՝ յաղթահարել մարտահրաւէրներն ու յաջողութեան հասնիլ», - նշած է ՀՕՖ-ի Տնտեսական զարգացման ծրագրերու ղեկավար Էրիք Պաղտասարեանը` ընդգծելով, որ ծրագրի առանձնայատկութիւնը այն է, որ կ'օգնէ ճիշդ մարդոց ճիշդ ժամանակին: