image
Հրատապ լուրեր:

ՀՄԸՄ-ի Խումբը Լիբանանի Ախոյեան

ՀՄԸՄ-ի  Խումբը Լիբանանի  Ախոյեան

Քիչ առաջ իր աւարտին հասաւ երկար ժամանակէ սպասուած ՀՄԸՄ-Ռիտաի  պասքեթպոլի աւարտական խաղը եւ Ռիատի խումբը Լիբանանի ՀՄԸՄ ակումբին առջեւ տեղի տալով հայկական ակումբը ստանձնեց տարեշրջանի ախոյեանի  տիտղոսը:

Նշենք, որ Անթիլիասի ՀՄԸՄ-ի մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած խաղը աւարտեցաւ 74-59 արդիւնքով:

Ի դէպ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրէն ներս այս առաջին անգամն է, որ աւարտակն  մրցումները այս օրինաչափութեամբ կը կատարուին  եւ այս 7-րդ  ճակատումն էր, որ տեղի կ'ունենար խումբերուն միջեւ ու մնացեալ  բոլոր 6 խաղերու  հանրագումարը աւարտած էր հաւասար արդիւնքներով: