image
Հրատապ լուրեր:

Արաբները միշտ ալ սիրած եւ յարգած են մեր արուեստը.Հալէպահայ պարուհի

Արաբները  միշտ ալ   սիրած  եւ յարգած են  մեր արուեստը.Հալէպահայ   պարուհի

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը պատասխանէ    հալէպահայ  պարուհի  Նարինէ  Քէչէճեան:   Յայտնի պարուսուցոյց   Ժիրայր    Քէչէճեանի դուստրը ներկայիս   հաստատուած է  Պէյրութ եւ անդամ է  արաբական աշխարհին մէջ մեծ վարկ  ունեցող «Քարաքալլա»  պարախումբին:


-Յարգելի Նարինէ, դուք ծնած  ու մեծցած էք Հալէպի  մէջ, ի՞նչ յիշողութիւներ ունիք Հալէպէն, ի՞նչ վերյուշ մնաց այդ քաղաքէն, այդ քաղաքի անցեալէն:


Հալէպէն շատ բաներ կը յիշեմ, երբ Հալէպ ըսեմ առաջին անգամ կը յիշեմ թաղս, տանիքս: Զարմանալի  թող  չթուայ, որ մեր բնակած  շէնքի  տանիքը  կը յիշեմ, որովհետեւ պզտիկուց հայրս՝ Ժիրօն երբ սկսաւ պարի դասեր  տալ, տանիքը փորձ կ'ընէինք, կէսօրէ վերջերը երբ մայրամուտը    կը մօտենար, կամ երբ գիշերները պզտիկ լոյսի մը տակ    կը հաւաքուէինք  եւ ժամանակ  կ'անցընէինք: Այդ ժամանակ  էր,  որ  հայրս   ինծի   անկիւն մը կը   յատկացնէր եւ պարեր կը սորվեցնէր: Այդ պահերը շատ կը յիշեմ, թաղս կը յիշեմ, թաղը ուր   զիս  բոլորը   կը ճանչնային դպրոցս՝ «Կիլիկեան վարժարան»ը, որ եղած է հալէպեան  ճարտարապետութիւն ունեցող   շէնքի մը մէջ,  ինծի համար  շատ գեղեցիկ  տեղ  էր, կը հպարտանայի որ ես  անցեալ  բուրող   վայրի մը մէջ կը սորվիմ, ինչպէս որ էր Հալէպի բերդը: Շատ կապուած եմ  այդ բերդին, իբր իմ մանկութեան ելոյթներու բեմահարթակ, հոն շատ ելոյթներու մասնակցած եմ: Ես առաջին քայլերս    այդ  բերդին  մէջ   ըրած եմ: Չմոռնամ   ըսելու, որ      Հալէպի մէջ ունիմ նաեւ  բաւական մեծ շրջապատ՝ ազգականներ,  բարեկամներ, ծանօթներ եւ    հարեւաններ:

 

-Ի՞նչ վիճակի մէջ էիք, երբ պատերազմը սկսաւ եւ ինչքա՞ն դժուար եղաւ Հալէպէն հեռանալու որոշումը առնելը:

 

Նախքան պատերազմը սկսիլը, պատերազմի սկիզբը,  հայրս  իր տարեկան ելոյթի պատրաստութեան մէջ էր, «ականջ չկախեցինք» պատերազմին, սրահն ալ ապահովեցինք, ելոյթներու պատրաստութիւնները ըրինք, լրիւ նոր ծրագիր էր պատրաստածնիս, նոր տարազներ, նոր պարեր: Մինչ այդ կ'ուզեմ յիշել, մենք մեր պարախումբի տարազներու կտորները Հալէպի «ներսի շուկա»էն կ'առնէինք, այսինքն հոնկէ ուր  բուն պատերազմի վիճակ էր, այդ նեղ թաղերէն, որ «Հալապ ժտիտէ» կ'ըսեն, «Հարէթ ալ հաթապ»էն, ուր մետաքսներ եւ կտորներ կը ծախէին: Ելոյթի պատրաստութիւնը ճիշդ երկու տարի տեւեց, 2010-2012-ին, այսինքն պատերազմի հիմնական շրջանին, երբ շատ վատ էր, շատ սոսկալի պատերազմ էր: Ես այդ ժամանակները երբեք չէի որոշած Հալէպէն հեռանալ,  Պէյրութ երթալու նպատակ ալ չունէի,  այն ատեն երկու շաբաթով Դամասկոս գացի որովհետեւ ֆիլմի մը  կը մասնակցէի: Գործը երկարեցաւ եւ այդ ընթացքին պատերազմը թէժացաւ, ճամբաները փակուեցան,  ամէն   տեղ  արիւն եւ աւեր... եւ ես ստիպուեցայ Դամասկոս մնալ: Աւելի  ուշ ծնողներս   ալ  ինծի   միացան  ու որոշ  շրջան մը   հոն   ապրեցենք: Երբ Դամասկոս մնացի, գործերս ալ  լաւ  էին կ'աշխատէի, օփերայէն ներս:Աւելի ուշ ուզեցի Պէյրութ երթալ, որպէսզի տեսնեմ հոն ինչ կարելի է ընել, ես կրնայի     այլ երկիրներ ալ  երթալ, բայց ուզեցի Պէյրութ    փոխադրուիլ,  որովհետեւ շատ կը սիրեմ արաբական պարը, Արեւելքը,  կրնայի Տուպայ, Մարոք, Եգիպտոս ալ երթալ, բայց նախընտրեցի Պէյրութը, որովհետեւ Սուրիոյ մօտ էր եւ միեւնոյն ժամանակ ծնողքիս մօտիկ կ'ըլլայի: Եւ հիմա արդէն 5 տարի եղաւ որ լիբանանեան     հռչակաւոր    «Քարաքալլա» խումբն  անդամ եմ:

 

-Կը կարծես որ  երբեւէ  օր մը  Հալէպ  պիտի վերդառնաս, եթէ պատահի որ Հալէպ վերադառնաս,  ուր  պիտի   ըլլայ  առաջին   վայրը, որ պիտի  այցելես:

 

Ոչ մէկ բան զիս  քաղաքէս  կրնայ  հեռացնել:  Հալէպը ինծի համար կը մնայ փոքրիկ Հայաստան մը, պզտիկուց, երբ Հալէպ էի, կ'երազէի Հայաստան երթալ եւ հիմա Հալէպէն դուրս եմ, ամէն առաւօտ կ'ըսեմ վաղը Հալէպ պիտի դառնամ, անշուշտ պայման չէ, որ  հոն  բնակիմ, որովհետեւ իմ պարային արուեստիս մէջ ձգտումս շատ աւելի մեծ է:

Երբ Հալէպ դառնամ անշուշտ առաջին գործս, առաջին հրճուանքս պիտի ըլլայ երթալ տեսնել թաղս, տանիքս, ազգականներուս թաղերը, երթալ Հաէպի բերդ, Հալէպի պարտէզները, այգիները, երթալ դպրոցս, ակումբս, մեր «Թիլէլ»ի առաջուայ սրահը, որ նոնյպէս քաղաքի հին հատուածին մէջ էր, պիտի երթամ «Ժըտայտէ», «Հարէթ ալ հաթապ», ուրկէ մեր պարախումբի տարազներուն կտորները կը բերէինք, ժամերով կը  պտըտէինք   այդ     նեղլիկ թաղերուն մէջ, կտորները մանրամասնօրէն կ'ընտրէինք: Հալէպ կտորները շատ էին, շուկան լեցուն,  մէկը միւսէն գեղեցիկ, հարսնցուի կտորներ, պարախումբի կտորներ, հնդկական կտորներ, զուտ մետաքսներ, Հալէպի արաբական անուշեղէնները, հացը, բուրդերը, պզտիկ-պզտիկ պատշգամբները: Պիտի երթամ այցելեմ մշակոյթի նախարարութիւն, սենտիքա, որուն   անդամ   ենք ես ու հայրս...

-Բնաւ  պատահա՞ծ է,  որ    որպէս հայեր  երբեւիցէ    խտրականութեան կամ ճնշումներ   թիրախ     եղած  ըլլաք:

 

Իբրեւ Հալէպ ապրող  հայեր, ոչ մէկ անգամ  մենք զմեզ  օտար  զգացած ենք: Ընդհակառակը, Հալէպի ժողովուրդը շատ կը վստահէր հայերուն, շատ կը սիրէին ու կը յարգէին  մեզ: Չմոռնամ   ըսել, որ     իմ նեղ  շրջանակիս մէջ մեր հանդէպ ցուցաբերուած   յարգանքն ու սէրը անմիջականօրէն   կապ ունէր հօրս    հիմնադրած  եւ երկար  տարիներ        բեմերուն վրայ  պահած      «Ժիրոյի պարախումբ»ին   հետ: Սուրիոյ փառատօններուն  ընթացքին     այդ  խումբը  միշտ   առաջին դիրքի  վրայ էր   եւ տեղացիները  տարբեր առիթներով        մեր  խումբի   արհեսավարժ  ըլլալուն մասին վկայութիւններ կու տային շատ  յաճախ զարմանալով, որ  ինչպէս միեւնոյն ժամանակ  արաբական, հայկական, լաթինօ,    եւ  այլ  պարբեր  այդքան  հարազատօրէն  կը ներկայացնենք: Ու ատոր   համար էր նաեւ, որ կը յարգէին մեզ: Կը յարգէին մեր  արուեստը   եւ    նուիրումը: