Երէկ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն լիբանանահայութիւնը ապահոված է իրեն վերապահուած վեց աթոռները:
Այսպէս եւ ինչպէս նախատեսուած էր Մեթնի ընտրաշրջանէն ընտրուած է ՀՅԴ ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունին (հայ առաքելական աթոռ), իսկ Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանէն ընտրուած են Յակոբ Թէրզեանը եւ Ալեքսան Մաթոսեանը (ՀՅԴ հայ առաքելական),Փօլա Եագուպեանը (քաղաքացիական հասարակութիւն-հայ առաքելական) եւ բանակի նախկին սպայ Ժան Թալլուզեանը (հայ կաթողիկէ- անկախ):
Կը մնայ Զահլէի պարագան, ուր մինչեւ այս պահը յստակ չէ երեսփոխանական աթոռին տիրացողին անունը: Մինչ կարգ մը աղբիւրներ կը նշեն անկախ թեկնածու Էտի Տէմիրճեանին յաղթանակ տանելուն մասին, անդին «Լիբանանի ձայն» կայանը հաղորդեց, որ Զահլէի մէջ յաղթանակը բաժին ինկած է ծնունդով Այնճարցի Պօղոս Քիւրտեանին: