image

Հալէպ. Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է հայ կաթողիկէ վարդապետ Հայր Եղիշէ Ճանճին

Հալէպ. Ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով մահացած է հայ կաթողիկէ վարդապետ Հայր Եղիշէ Ճանճին

Հալէպի մէջ ինքնաշարժի ծանր արկածի հետեւանքով մահացած է հայ կաթողիկէ վարդապետ Հայր Եղիշէ  Ճանճին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի  իր աղբիւրէն: 
Ցաւալի  պատահարին մասին աւելի ուշ  հաղորդագրութիւն հրապարակեց Բերիոյ թեմի  հայ  կաթողիկէ առաջնորդը:  

Հաղորդագրութեան  մէջ  մասնաւորապէս կ'ըսուի, թէ հանգուցեալին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 ապրիլին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ:

Այցելութիւնները տեղի պիտի ունենան առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00, իսկ երեկոյեան ժամը 4:00-էն մինչեւ ժամը 8:00-ը:

Յետ թաղման կարգին, ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին, Ս. Խաչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ դահլիճէն ներս, մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00-ը, ինչպէս նաեւ Ուրբաթ, 27 Ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ ժամը 1:00:

 Առաջնորդ  Սրբազան  հայրը այս տխուր  առիթով  ցաւակցութիւններ յղած է  հանգուցեալ վարդապետի հարազատներուն եւ մտերիմներուն: