image

Կուտակումներ առաջնագիծին. Արցախի ՊՆ-ն տեսանիւթ տարածած է

Կուտակումներ առաջնագիծին. Արցախի ՊՆ-ն տեսանիւթ տարածած է

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, շփման գիծին իր սադրանքները քողարկելու նպատակով, 22 ապրիլին տարածած է հաղորդագրութիւն, ուր Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ՝ առաջնագիծին տիրող լարուած իրադրութեան մասին 21 ապրիլին տարածած տեղեկատվութիւնը որակած է կեղծ եւ զանգուածային հուզումներէն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղող: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Արցախի ՊՆ-ն:

«Այս  գործելաոճը լիովին սպասելի էր ու ամբողջովին տեղաւորւում է Պաքուի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան որդեգրած  մարտավարութեան մէջ:

Իսկ իրականում, ինչ վերաբերում է արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերի շփման գծում հակառակորդի կենդանի ուժի եւ զինթեխնիկայի տեղաշարժերին ու կուտակումներին, ապա առաջարկում ենք դիտել ստորեւ ներկայացուող տեսագրութիւնն՝ առանց մեկնաբանութեան»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: