image
Հրատապ լուրեր:

Յայտնաբերուած է Ժիրայր Քէչէճեանի դին. Ան 3 տարիէի ի վեր անյայտ կորսուած կը համարուէր

Յայտնաբերուած է Ժիրայր Քէչէճեանի   դին. Ան 3   տարիէի   ի վեր   անյայտ կորսուած   կը համարուէր

Օրերս յայտնաբերուած է Սուրիոյ բանակի հայ զինծառայող Ժիրայր Քէչէճեանի  դին: Այս  մասին տեղեկութիւններու հանդիպած էինք Հալէպի մասին լուրեր տարածող դիմատետրի էջերուն վրայ, որմէ ետք «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Ժիրայրի  հարազատներէն:

Քէչէճեան, որ երեք տարիէ ի վեր կը համարուէր անյայտ կորսուած,  նահատակուած է «Ալ Թապաքա» օդակայանի դէպքերուն: 15 յունիս 2017-ին «Արեւելք» մանրամասն լրատուութիւն մը կատարած էր հանգուցեալ  զինուորին մասին  գրելով, որ   ըստ  կարգ մը աղբիւրներու ան 3  տարի առաջ առեւանգուած էր «Իսլամական պետութիւն» կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ:

Կային  տեղեկութիւններ  որոնց համաձայն Ժիրայր Քէչէճեան մինչեւ վերջերս բանտարկուած կը  մնար նոյն կազմակերպութեան Ռաքքայի բանտերուն մէջ:

Յիշեցնենք,  որ  Ժիրայրի  դին  գտնուած է Ռաքքայի «Ռաթման»  աւանին մէջ ուր նաեւ աւելի  վաղ   յայտնաբերուած էին  34 զինուորներու  դիակներ:

 

Մեր ունեցած տուեալներով Ժիրայր Քէչէճեանի յուղարկաւորման եւ թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուին Հալէպի Ազգային Գերեզամանատան մէջ:

Յիշեցնենք, Սուրիոյ պատերազմին սկիզբէն ի վեր շուրջ 150 հայեր զոհուած են, որոնց մեծ մասը՝ Հալէպի մէջ: