image

Թուրքիա. Արտագաղթողներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն պոլսահայերը

Թուրքիա. Արտագաղթողներուն մէջ մեծ թիւ կը կազմեն պոլսահայերը

Գերմանաբնակ թուրք ուսումնասիրող Ալի սայիթ Յըլքընը անդրադարձած է վերջին տարիներուն Թուրքիայէն դէպի Արեւմուտք կատարուող արտագաղթին ու պատճառներուն, վերջինս փորձած է դասակարգել թուրքական հասարակութեան այն խումբերը, որոնք կը ձգտին լքել երկիրը այս շրջանին:


Թուրքական gazeteduvar.com.tr կայքի մէջ տեղ գտած իր յօդուածին մէջ հեղինակը խօսած է նաեւ Թուրքիոյ հայ համայնքի մասին, որ վերջին տարիներուն նոյնպէս կը ձգտի բռնել Եւրոպայի ճամբան:

«Թուրքիոյ մէջ, որպէս կրօնական փոքրամասնութիւն, առաւել շատ աչքի կը զարնեն հայերը, յոյներն ու հրեաները: Կը նկատուի, որ այս համայնքներուն մէջ արտագաղթը աւելի սաստկացած է, յատկապէս 2013 թուականին, Կեզի զբօսայգիի ցոյցերէն ետք: Երկիրը լքելու հիմնական դրդապատճառները նոյնն են, ինչ որ նաեւ այլ քաղաքացիներու պարագային: Այս մարդիկ հիմնականին կ'արտագաղթեն Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ պէս երկիրներ», - նշած է թուրք ուսումնասիրողը:



Թուրքիոյ արտագաղթող քաղաքացիներու շարքին են նաեւ թուրք միլիոնատէրները, ընդդիմադիր հաեացքներու պատճառով գործազուրկ դարձած գիտնականները, ինչպէս նաեւ թուրք կրօնական քարոզիչ Ֆեթուլլահ Կիւլէնի հետեւորդները, որոնք ռազմական յեղաշրջման փորձի մէջ մեղադրուելէ ի վեր երկրի իշխանութիւններու թիւ մէկ թիրախը դարձած են: