image
Հրատապ լուրեր:

Պիտի շարունակենք իրազեկել Հալէպի ամենօրեայ վիճակն ու վերականգնումի աշխատանքները. Բժիշկ Ռոպէրթ Սիւլահեան

Պիտի շարունակենք իրազեկել Հալէպի ամենօրեայ վիճակն ու վերականգնումի աշխատանքները. Բժիշկ Ռոպէրթ Սիւլահեան

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ հալէպահայ բժիշկ  եւ հասարակական գործիչ  Ռոպէրթ  Սիւլահեանը:


Յարգելի  բժիշկ վերջերս վերահասու դարձանք, որ շուրջ 2 ամիս առաջ անակնկալ կերպով փակուեցաւ «Armenians of Aleppo» ֆէյսպուքեան էջը, պիտի ուզէինք լսել ձեզմէ այս մասին, ի՞նչ պատահեցաւ, ի՞նչ հակազդեցութիւն ցուցաբերեցիք եւ ի՞նչ արդիւնքներ ստացաք:

18 Փետրուար 2018֊ին դիմատետրի տնօրինութիւնը անակնկալօրէն փակեց 14 Փետրուար 2011-֊ին ստեղծուած դիմատետրի «Armenians of Aleppo-ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ» ամէնամեծ խումբը... նոյնպէս փակուած էին խումբը կառավարողներու  (թիւով հինգ) անհատական էջերը... մի քանի օրուան ընթացքին  եւ բաւական դիմումներէ ետք կրցանք վերադարձնել մեր անձնական էջերը, սակայն մինչև օրս յստակ պաշտօնական պատասխան մը չ'ստացանք թէ ինչու՞ փակեցին մեր խումբը...Սակայն որոշ ընկերներու միջոցաւ եւ ոչ պաշտօնական բացատրութիւնը այն էր թէ մենք դիմատետրի այն խումբերու ցանկին կը պատկանէինք որոնք Սուրիոյ պատերազմի 7 տարիներու ընթացքին կողքին էինք երկրի պետականութեան և նախագահին։

 

-Տեղեակ ենք, որ բաւական մեծ թիւ ունեցող ֆէյսպուքեան էջ մըն էր ձեր հիմնադրած «Armenians of AleppoAleppo» էջը, կրնաք խօսիլ, թէ  ի՞նչ հանգամանքներու տակ    հիմնադրեցիք  այն,  ի՞նչ էր նպատակը եւ ի՞նչքան էր ընթերցողներու եւ անդամներու քանակը:

«Armenians of Aleppo- ՀԱԼԷՊԱՀԱՅԵՐ» խումբը ստեղծուեցաւ 14 Փետրուար 2011֊ին ... կարծես թէ նախազգացումէ մը դրդուած՝ որ այսպիսի խումբի մը կարեւորութիւնը պիտի զգացուէր Սուրիոյ անարգ պատերազմի ընթացքին....Հալէպի հայկական գաղութը մեծ վնասներու ենթարկուեցաւ ... հալէպահայերը այս խումբին միջոցաւ իրարու հետ կապի մէջ մնացին՝ virtual աշխարհի մը մէջ, ուրկէ ստացան  ամենօրեայ լուրեր, ըլլան անոնք պատերազմական թէ գաղութային, հայկական թէ համաշխարհային.... տուներու մէջ բանտարկուած մեր ազգակիցներուն դէպի դուրս բացուող պատուհան մը եղաւ այս խումբը, ուր աշխարհիս չորս ծագերուն գտնուող հալէպահայեր այդտեղ բաժնեկցեցան իրենց յոյզերն ու յոյսերը, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները։ «Armenians of Aleppo» խումբի անդամներու թիւը մօտեցած էր 18000֊ի, որոնցմէ օրական կը ստանայինք մօտ 2000 like երբեմն ալ աւելի, եւ մօտ 600 comment.

Նոր՝ «Հալէպը եւ Մենք» խումբը որոշ առումով շարունակութիւնը պիտի ըլլայ նախորդ խումբին: «Որոշ առումով» կըսեմ,  որովհետեւ Սուրիոյ ու Հալէպի մէջ վիճակի փոփոխութեան լոյսին տակ՝ ժամանակն է, որ մեր մօտեցումները վերատեսութեան ենթարկենք ու նոր բովանդակութեամբ, նոր ոգիով շարունակենք հալէպահայերուն միջեւ առօրեայ կապ դառնալու կարեւոր աշխատանքը: Այստեղ պիտի ջանանք ոգեղէն կապը դառնալ աշխարհացրիւ սուրիահայութեան, մանաւա՛նդ հալէպահայութեան միջեւ: Պիտի աշխատինք կենդանի պահել «Մայր Գաղութ»-ի ոգին, կենցաղի մանրամասնութիւնները, պատմութիւնը, սովորութիւնները եւայլն: Պիտի փորձենք անդրադառնալ Հալէպի, հալէպահայու, սուրիահայու եւ ընդհանրապէս՝ հայ մարդու համար կարեւոր թեմաներուն, լուրերուն, նորութիւններուն, յօդուածներուն, գեղարուեստական ստեղծագործութիւններուն եւայլն: Խումբին պիտի հետեւի նոյն հնգեակը՝ Թալին, Ռոպէրթ, Արաքսի, Վազգէն  եւ   Մարի:

 

-Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր նաեւ տեղեկատուական պայքար կայ այս խնդրին շուրջ, ներկայիս ի՞նչ փուլի մէջ է այդ տեղեկատուական պատերազմը՝ տրուած ըլլալով որ դուք ընկերային ցանցերու վրայ տարբեր առիթներով նաեւ պատերազմի նախօրեակին հանդէս եկաք,  որպէս Սուրիոյ լուրերը արագօրէն փոխանցող ֆէյսպուքեան էջի պատասխանատու:

Ներկայ դարու պատերազմներու յաջողութեան ազդակներէն կարեւորագոյնը տեղեկատուական պայքարն է, որ կը յուսադրէ կողմնակիցը եւ հոգեպէս կը ջլատէ հակառակորդը։ Մեր ըրածը մեր ազգակիցներուն տեղեկատուութիւն փոխանցել էր օրը օրին եւ մանաւանդ Հալէպաբնակներու վիճակին մասին որոնք իսկապէս քաջարի պայքար տարին, ոչ միայն զէնքով այլեւ տոկալով ամէն տեսակի զրկանքներուն որոնք պատեցին «Երազային Հալէպ»ի բնակիչները։ Մեր տարած աշխատանքը տեղեկատուական մարզին մէջ արդիւնաւէտ կրնանք կոչել։

 

-Հայկական միջավայրին մէջ յաճախ քննարկման առարկայկը դառնայ հայութեան կեցուածքը Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին եւ տեւողութեան: 7 տարիներ անցած են պատերազմի սկիզբէն, Հալէպը ազատագրուած է, շատ բան փոխուած է գետնի վրայ. այդ առումով ալ կ'ուզենք ձեր կարծիքը գիտնալ, արդեօք ճի՞շդ է սուրիահայութեան պետական կառոյցներուն եւ բանակին, ինչպէս նաեւ կառավարութեան ու յատկապէս նախագահ Ասատին հանդէպ անդաւաճան կեցուածք ունենալու մօտեցումը:

Ինչպէս վերը նշեցի որ մեր խումբը պետութեան կողքին կենալով յստակ դիրքորոշում ունեցաւ, որ նոյնպէս սուրիահայութեան ջախջախիչ մեծամասնութեան կեցուածքն էր։ Մենք որպէս սփիւռքահայեր միշտ մեր զաւակներուն սորվեցուցինք ըլլալ տիպար քաղաքացի մեր ապրած երկիրներուն մէջ....հիմա տարբեր կեցուածք չէինք կրնար ունենալ։ ։

 

-Շատեր նաեւ կ'առարկեն, որ հայութիւնը պէտք է կապ հաստատէր ընդդիմադիր բոլոր կողմերուն հետ , որպէս այլընտրանք կամ որպէս հայութիւնը ծանր դէպքերէ փրկելու համար ըլլալիք հաւանական սենար կամ միջոց, ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մօտեցումը, ի՞նչ է ձեր կարծիքը:

Չեմ գիտեր թէ ի՞նչպէս կարելի պիտի ըլլար զանազան զիրար հարուածող զինեալ ծայրայեղ ընդիմադիր կոչեցեալներուն հետ լեզու գտնել, երբ անոնց նեցուկ  կանգնած էր մեզ «շատ սիրող» Թուրքիան։ Սա արդէն մեզ  շատ աւելի մեծ վնասներու կրնար տանիլ։

 

-Վերջին շրջանին եթէ չենք սխալիր, երկու առիթներով այցելութիւն տուիք Հալէպ, ի՞նչ էր ձեր ընդհանուր տպաւորութիւնը, ինչպէ՞ս կը դիտարկէք Հալէպի ապագան եւ յատկապէս հալէպահայութեան ապագան:

Պարզ է որ Սփիւռքի «Մայր գաղութ»ը կորսնցուց իր բնակիչներէն մեծ թիւ մը, սակայն տակաւին մեր կառոյցները կը շարունակեն գոյատեւել, համայնքները եւ կազմակերպութիւնները պատերազմի ընթացքին մնացին պատնէշի վրայ, ակումբները այսօր կրկին լեցուած են երեխաներով եւ երիտասարդներով, թատրոնները դարձեալ աշխուժացած են, իսկ սկաուտական շարժումները կը մասնակցին քաղաքին հանրային միջոցառումներուն։ Հալէպ մնացող հայը պատրաստ է կրկին շէնցնելու իր տունն ու եկեղեցին, ակումբն ու դպրոցը  կրկին վերադարձնելու Հալէպի  փայլուն օրերը: Ես կը հաւատամ հայու անկոտրում կամքին ու նաեւ վստահ եմ, որ  «ՀԱԼԷՊԸ ԵՒ ՄԵՆՔ»  դիմատետրի խումբն ալ պիտի փորձէ հանրութեան ներկայացնել «Մայր  գաղութ» ՝ Հալէպի  ամէնօրեայ վիճակն ու վերականգնումի  գործընթացը: