image

Հալէպի մշակութային ժառանգութիւնը ապահով վայր փոխադրուած է.Պատմաբան Անի Ֆիշենկճեան

Հալէպի մշակութային ժառանգութիւնը ապահով վայր փոխադրուած է.Պատմաբան Անի Ֆիշենկճեան

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած հալէպահայ Պատմական գիտութիւններու թեկնածու Անի Ֆիշենկճեանը:


-Ի՞նչ գործունէութեամբ կը զբաղիք ներկայիս:


-2014-ի նոյեմբերէն սկսեալ աշխատանքի ընդունուած եմ ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտ, եւ 2017-ի յունուարէն, նոյն կառոյցէն ներս, Սփիւռքի եւ գաղթօճախներու բաժինի գիտաշխատող։

Այս տարիներուն կատարած եմ ատենախօսութեան բովանդակային որոշ բարեփոխութիւն եւ որպէս մենագրութիւն մօտօրէն  կը յանձնենք ընթերցասէր լայն հասարակութեան։ Մենագրութիւնը կը խօսի Սուրիոյ հայ համայնքի պատմութեան 1946-1970 ժամանակաշրջաններուն առնչուող հիմնահարցերու մասին՝ տնտեսական, քաղաքական, ընկերային, կրթական եւ մշակութային։  Ծրագրած ենք եւ ուսումնասիրելու սկսած համայնքի պատմութեան՝ 1971-2011 թթ. ժամանակահատուածը։ Միաժամանակ նպատակ ունիմ ուսումնասիրել եւ գրքային տարբերակով ներկայացնել Սուրիական պատերազմը եւ հայ համայնքը խորագիրով աշխատասիրութիւն մը։  

Ասոնց կողքն, նաեւ 2014-էն ի վեր Էջմիածինի Գէորգեան Աստուածաբանական ճեմարանէն եւ Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցէն  ներս արեւմտահայերէն կը դասաւանդեմ։

  

-Պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած սուրիահայ մտաւորականներ ինչքանով կրցան ներգրաւուիլ հայաստանեան կրթական- գիտական կեանքէն ներս: Ի՞նչ կրնաք ըսել փորձառութիւններու փոխանկման առնչութեամբ:

 

-Ընդհանուր գիտական ուսումնասիրութեան առումով անշուշտ հայրենիքի դերը մեծ է սփիւռքի մէջ գիտական ոլորտի զարգացման առնչութեամբ, գիտութիւն կամ գիտական ուսումնասիրութիւն հասկացութիւնը մենք ընդհանրապէս հայրենի պատմաբաններէն սորվեցանք, թէեւ Լիբանանի մէջ ուսումնառութեան շրջանին Լիբանանի Համազգայինի Հայագիտականի Բարձրագոյն հիմնարկի մեր դասախօսները որոշ ուղղութիւններ տուած էին, սակայն գիտութեան առումով, գիտութիւն բառը աւելի իր ճիշդ հասկացութեամբ մենք ընկալեցինք հայրենիքի մէջ եւ երեքուկէս տարիներու ընթացքին, Հայրենի պատմաբաններու հետ շփում ունենալով, իրենց հետ միջազգային գիտաժողովներու մասնակցելով, գիտական զեկոյցները լսելով եւ նաեւ ինչու չէ իրենց կողմէ սրբագրութիւններուն, նկատողութիւններուն տեղ տալով մենք սկսանք Սփիւռքի հարուստ պատմութիւնը դնել գիտական հարթակի վրայ:

Յիշատակութեան արժանի է նաեւ հայրենիքի հոգատար վերաբերմունքը սփիւռքի համայնքներու եւ անոր պատմութեան հանդէպ, նոյնիսկ արեւմտահայերէնի հանդէպ եւ այդ լեզուով պատրաստուած ու ներկայացուած մենագրութիւններու ընդունման առումով, ինչ որ անցեալին լուրջ խնդիր էր։  

Մենք ալ մեր հերթին, ամէն մէկս իր աշխատանքով, որոշ չափով ներդրում կ'ունենանք հայրենիքի մէջ գիտական աշխատանքներու համալրման, օրինակ ես անձամբ, սփիւռքեան, մասնաւորպէս սուրիահայ համայնքի պատմութեան վերաբերող փաստաթուղթերու մէկ հատուածը իմ ատենախօսութեան մէջ ընդգրկելով, որպէս հարստութիւն բերի այստեղ, իսկական գիտնականներու տրամադրութեան տակ դրի, որոնք յետագային պատմագիտական առումով աւելի բարձր մակարդակով ուսումնասիրութեան առարկայ պիտի դառնար:


-Ինչպիսի՞ գնահատական մը կարելի է տալ սուրիահայ ու մասնաւորապէս մշակութային հարուստ աւանդ ունեցող Հալէպի հայկական գաղութին: Ձեր տուեալներով, ինչպիսի իրավիճակ կը  տիրէ ներկայիս Հալէպի մէջ:


-Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի պարագային կորուստը մեծ էր, ե՛ւ նիւթական, եւ բարոյական առումով: Նիւթական կորուստը վերականգնելու համար երկար տարիներ եւ մեծ ճիգ կը պահանջուի, իսկ բարոյական կորուստը, որուն անուան տակ անհատ-հոգիի կորուստներն են նաեւ, կարելի չէ վերականգնել: Պատերազմին  պատճառով զոհ գացող տղաքը սովորական տղաք չէին, այլ հայկական կեդրոնները պաշտպանելու այդ սրբազան աշխատանքին նուրիուած անձեր։

Համայնքը  իր անցեալի  վիճակին վերադարձնելու  համար երկար ժամանակ կը պահանջուի:  Շատ հաւանական է, որ  այսօր   տիրող  իրավիճակը տակաւին երկար ժամանակ շարունակուի, բայց նաեւ կրնայ պատահիլ, որ վեց տարի ամէն տեսակի դժուարութիւններու մէջէն անցնելէ ետք, համայնքին մէջ ծնունդ առնէ այնպիսի սերունդ մը, որ նոր զարթօնքի մը սկիզբ տայ: Ու այս  առումով ալ պէտք է միշտ լաւատես  ըլլալ:


- Համայնքը գործնական քայլեր կատարա՞ծ է, Հալէպի   մէջ  մեր ունեցած մշակութային աւանդը, ձեռագիրները պահպանելու առումով: Ի՞նչ  կրնաք  ըսել  այս մասին:

 

յս հարցումին դժուար թէ պատասխանեմ, միայն ըսեմ, որ ստոյգ տեղերէ իմացած եմ, որ պատերազմի առաջին օրերուն, երբ որ բախումները հասած էին Հալէպի առաջնորդարանի շրջակայքը, տղաքը փորձած էին ի գին ամէն ինչի, անշուշտ առաջնորդ   Սրբազն հօր եւ որոշ ազգային մարդոց գլխաւորութեամբ, մեր ունեցած ժառանգութիւնը ապահով վայրեր փոխադրել: Այս առումով պէտք է սպասել եւ մօտիկ ապագային ամէն ինչ աւելի յստակ կը դառնայ:


-Դուք Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի դասախօս եղած էք, ձեր շրջանաւարտներէն շատեր այսօր եւս Հայաստան կը գտնուին, իրենց գործունէութեան մասին ի՞նչ կրնաք ըսել:

 

-Որպէս Հալէպի Համազգայինի հայագիտական հիմնարկի նախկին դասախօս, կրնամ ըսել որ, այո՛, այստեղ ունինք մենք ուսանողներ, որոնք արդէն տարբեր բնագաւառներու մէջ ներգրաւուած են եւ կը կարծեմ որ այդ առումով անոնց բերած նպաստի շնորհիւ արեւմտահայերէնը հայրենիքի մէջ որոշ հարթակի վրայ կրնայ դրուիլ, օժանդակելով արեւմտահայերէնով խօսելու, ծրագիրներ մշակելու: Եւ այս բոլորը կը պարտինք Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, եւ ի վերջոյ Հալէպի Համազգայինի վարչութեան բոլոր անդամներուն, ներկայացուցիչներուն եւ դասախօսներուն, որոնք 1996-էն սկսեալ մինչեւ օրս պատերազմական վիճակի մէջ գտնուելով հանդերձ, կը փորձեն իրենց նպաստը բերել եւ մարդուժ պատրաստել, որպէսզի բացականերու տեղը լրացնեն դպրոցներէն  եւ մշակութային կեդրոններէն ներս:


-Սուրիոյ ապագայի մասին ի՞նչ կը մտածէք:

 

-Համայնքի ապագան կախեալ է գերտէրութիւններու վարած քաղաքականութենէն եւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններէն: Չենք գիտեր մեծ պետութիւններուն   կողմէ   ինչպիսի  ճակատագիր նախատեսուած է Սուրիոյ համար: Շատ բան կախեալ է նաեւ ապագային  պետութեան վարելիք քաղաքականութենէն, նկատի ունենալով, որ նոր պետութեան ձեւաւորման մէջ  պետական  մարմիններ  կրնան  յաւելեալ   իրաւասութիւններ    տալ 

փոքրամասնութիւններուն, այն որոշ սահմանափակումները, որոնք կային, կրնան վերանալ:

Ես կը կարծեմ որ այս առումով երբ դաշտը կ'ընդարձակուի եւ համայնքէն ներս առաւել մասնագէտներու կարիքը կը զգացուի, այդ պարագային մենք, որպէս Հայաստան հաստատուած սուրիահայեր, կրնանք մեր ներդրումը բերել մեր համայնքին, բայց մինչեւ որ պատերազմական վիճակը՝ ոչ  միայն Սուրիոյ, այլ նաեւ ամբողջ տարածաշրջանին մէջ չյանգի, դժուար պիտի ըլլայ ապագայի մասին յստակ խօսք մը ըսելը: