image

Ես զիս շատ բախտաւոր կը զգամ , որ Հալէպի պէս քաղաքի մը մէջ ծնած եմ. Հնագէտ Անի Էպլիղաթեան

Ես զիս շատ բախտաւոր կը զգամ , որ Հալէպի պէս քաղաքի մը մէջ ծնած եմ. Հնագէտ Անի Էպլիղաթեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է հալէպահայ հնագէտ Անի Էպլիղաթեանը: Ան նախքան Սուրիոյ պատերազմը փոխադրուած էր նախ Փարիզ, ապա՝ Ժընեւ, ուր տեղի համալսարանին մէջ  կը  կատարելագործէ իր ուսումնառութիւնը:

 

 

-Վերահասու դարձած ենք, որ մեծ  թիւով հալէպահայերու  նման դուք  եւս        ստիպուած  եղած է      հեռանալ  Հալէպէն   եւ ներկայիս  ձեր ուսումնառութիւնը  կատարելագործելու համար   կը  գտնուիք  Ժընեւ: Խնդրեմ   պատմէք  այդ մասին:

Ծնած եմ Հալէպ, աւարտած եմ  Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանը, որպէս մասնագիտութիւն ընտրած եմ հնագիտութիւնը եւ աւարտած եմ Հալէպի պետական համալսարանի հնագիտութեան բաժինը: Ետքը, որպէս հայ, փափաքը ունենալով Հայաստանի անցեալը ուսումնասիրել, ինծի հետաքրքրեց Ուրարտական շրջանը եւ այդ նպատակով մեկնեցայ Փարիզ ուր Սորպոն համալսարանին մէջ  մագիստրոսական վկայականի համար՝ Էրեբունիի ուսումնասիրութիւններ ըրի եւ երկու ամառ պեղումեներու մասնակցեցայ Հայաստանի մէջ: Աւարտելէս ետք առիթը ունեցայ դոկտորականի վկայականի համար Զուիցերիոյ մէջ ուսումս շարունակելու:


- Հնագիտութեան մէջ ամէնէն շատ Ձեզի որ շրջանը կը գրաւէ, ապագային ի՞նչ ուղղութեամբ կ'ուզէք խորանալ:

Իր հարուստ եւ բազմազան մշակոյթով Միջին Արեւելքը եւ Անատոլիան (Արեւմտահայաստանը. Խմբ.  «Արեւելք»)  ամէնէն շատ կը գրաւեն զիս, այսինքն Հայաստան, Պարսկաստան, Պատմական Հայաստան, Սուրիա, Իրաք, Յորդանան, Լիբանան: Ուսմանս սկզբնական շրջանին շատ հետաքրքրուած էի պատմական Անի քաղաքով, միշտ կ'երազէի երթալ, տեսնել եւ 2010-ին իրականացուցի երազս, սակայն յուսախաբ եղայ, որովհետեւ նկարներու միջոցաւ մեր տեսած Անիի աւերակները նոյնիսկ չէին մնացած, ինչ որ տեսայ քանդուած էր, յուսախաբութիւն էր: Ինչպէս նշեցի Ուրարտական շրջանի մասին ալ մեծ հետաքրքութիւն ունիմ, սակայն որովհետեւ ուսումնասիրուած շատ քիչ նիւթեր ունինք այդ մասին եւ այդ շրջանի մասնագէտներու պակասը կար, աշխարհագրական դիրքը՝ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի մէջ գտնուելու հանգամանքը եւս հարց կը ստեղծէր պեղումներ իրականացնելու առումով, հետեւաբար չկրցայ դոկտորականս ալ այդ ուղղութեամբ շարունակել:

Հնագիտութեան ճիւղին այս մէկը բնորոշ է, մասնագէտներ ընդհանրապէս կը ստիպուին տարբեր հանգամանքեր՝ արխիւներու, նիւթերու, պեղումներու հնարաւորութիւնները հաշուի առնելով ընտրել իրենց մասնագիտացումը, եւ իմ պարագայիս՝ Անտիոքի նիւթերը կրցայ ձեռք ձգել եւ անոր համար այդ ուղղութեամբ շարունակեցի, սկսայ յատկապէս կանթեղներու միջոցաւ,առօրեայ կեանքին ընդմէջէն Սուրիոյ Հռոմէական շրջանը ուսումնասիրել, Քրիստոնէութեան սկիզբը,  սակայն Սուրիոյ պատերազմը սկսած էր արդէն եւ քանի որ Սուրիոյ տարածքի կանթեղները չէի կրնար ուսումնասիրել, պէտք էր  Սուրիայէն դուրս գտնուող արխիւներ գտնէի եւ իմանալով, որ Ամերիկայի Փրինսթըն (Princeton)  համալսարանը 1932-1939 թուկաններուն այդ մասին ուսումնասիրութիւն կատարած էր, Ամերիկա գացի եւ հոն շուրջ 700 կանթեղներ ուսումնասիրեցի, հիմա արդէն կ'աւարտեմ աշխատանքս, որու միջոցաւ կը պարզեմ Անտիոքի մէջ 500 կանթեղներու մասին, անոնց գտնուած ճշգրիտ տեղերը եւայլն: Այս ուղղութեամբ, հռոմէական եւ քրիստոնէական շրջանի վերաբերեալ պեղումներ ըրի նաեւ Իտալիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ: Հետաքրքրական փորձառութիւն մըն էր եւ շատ գոհ եմ այս համալսարանէն, դասախօսներու մակարդակէն եւ ուսանողներու հանդէպ անոնց հոգատար մօտեցումէն:

Իմ հիմնական նպատակս էր լաւ ուսում ստանալ, որպէս հնագէտ ուսումնասիրող լաւ հիմք ունենալ, որմէ ետք կարելի կ'ըլլայ ցանկացած շրջանի մասին, թէկուզ քիչ ուսումնասիրուած, լուրջ աշխատանք տանիլ, եւ այդ հնարաւորութիւնը ինծի տուաւ Ժընեւի համալսարանը:

Յոյսով եմ որ աւարտելէս ետք, իմ ուսումիս համաձայն պիտի կարենամ ներդրում մը ունենալ Հայաստանի եւ Սուրիոյ՝ իմ ամենասիրելի երկու երկիրներուս մշակոյթի պատմութեան բացայայտման մէջ:

 

3- Ի՞նչ կրնաք պատմել Ժընեւի հայ գաղութին մասին, ինչքանո՞վ աշխոյժ է գաղութը:

Նախ եթէ ուզեմ հակիրճ պատմական մը տալ Զուիցերիոյ հայ գաղութի մասին, կրնամ ըսել, որ նախքան ցեղասպանութիւնը շատ քիչ թիւով հայ ընտանիքներ եղած են այնտեղ, ինչպէս նաեւ հայ ուսանողներ, որոնցմէ յայտնիներէն Աւետիս Ահարոնեանը: Հայկական ջարդերէն ետք զուիցերիացի պատուելի մը շուրջ 200 հայ որբեր բերած է իր հետ եւ որբանոց հիմնած է եւ այդպիսով կազմուած է գաղութի հիմնական կորիզը:

Ճիշդ է, որ Զուիցերիոյ հայ գաղութը բաւական փոքր գաղութ է, մօտաւոր 2000 հայ ընտանիքէ կը բաղկանայ, որոնց մեծամասնութիւնը Ժընեւ հաստատուած են, սակայն կրնամ ըսել որ շատ իւրայատուկ եւ հարուստ գաղութ մըն է՝ իր հայկական կառոյցներով: Գաղութը ունի  Ս. Յակոբ եկեղեցին, եկեղեցւոյ կից հայկական կեդրոնը, ունի միօրեայ հայկական Թօփալեան դպրոցը, Արաքս երգչախումբը ,Սանահին պարախումբը, «Արձագանգ» թերթը, գաղութին մէջ կը գործեն տարբեր կազմակերպութիւններ եւ հիմնարկներ ինչպէս «Suisse-Armenie»-ին, որ Պրն. Սարգիս Շահինեանի գլխաւորութեամբ քաղաքական գետնի վրայ մեծ աշխատանք կը տանի, յատկապէս ցեղասպանութեան ճանաչման հարցի վերաբերեալ, միջազգային մակարադակի վրայ մեծ ներդրում ունի, կայ նաեւ Զուիցերիոյ հայկական միութիւնը (Union Armenienne de suisse), որ հիմնուած է 1946-ին, նոյն այդ հայ որբերուն կողմէն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ արդէն ծանoթ KASA (Komitas Action Suisse-Arménie) եւայլն:

Եւ ամենակարեւորը, հակառակ փոքր գաղութ ըլլալուն, Ժընեւի համալսարնին մէջ կը գործէ նաեւ Հայագիտական ամպիոն:

 Զուիցերոյ մէջ տարբեր գաղութներէ եկած հայեր կան, որոնց մեծամասնութիւնը պոլսահայեր եւ պարսկահայեր են, կան նաեւ քիչ թիւով Լիբանանէն, Սուրիայէն, Եգիպտոսէն հայեր, նոյնիսկ Սուտանէն հայեր. Եւ քանի որ Զուիցերիոյ մէջ միջազգային կազմակերպութիւններ շատ կան, Ամերիկայէն եւ Եւրոպայէն նաեւ Միջին Արեւելքէն նոյնպէս հայեր աշխատանքի բերումով կու գան եւ ժամանակաւոր կերպով այստեղ կ'ապրին:


4-Ի՞նչ կը մտածէք Հալէպի մասին, ինչպէ՞ս կը տեսնէք գաղութի ապագան. հիմա որ շուրջ 10 հազար հայութիւն մնացած է, կը կարծէք որ գաղութը իր նախկին կեանքը կը վերագտնէ:

-Հալէպը ինծի համար ամենամտերիմ եւ ամենահարազատ քաղաքն է, որովհետեւ ծննդավայրս է: Զանազան երկիրներ եւ քաղաքներ ապրելով որոշ կապ մը կը ստեղծուի իւրաքանչիւր քաղաքի հետ, որովհետեւ ընկերներ, բարեկամներ, յիշատակներ կ'ունենաս, իւրաքանչիւր երկիր կամ քաղաք ունի իր հարստութիւնը, գեղեցկութիւնը եւ արժանիքները, բայց Հալէպը կը մնայ ամենահարազատը, շատ բախտաւոր կը զգամ ինքզինքս, որ Հալէպի պէս քաղաք մը ծնած եմ եւ ճանչցած եմ: Այսօր ինչպէս գիտէք, այդ գաղութը իր երբեմնի փառքը չունի, դժբախտաբար, բայց ես ամէնէն լաւը կը  յուսամ եւ հալէպահայ գաղութին ապահով եւ խաղաղ կեանք կը մաղթեմ, կը գնահատեմ ով որ կրցաւ դիմանալ  այս դժուար պայմաններուն եւ մնաց ու դեռ կ'ուզէ մնալ. ի վերջոյ անոնք որոնք լքեցին  եւ չեն փափաքիր վերադառնալ իւրաքանչիւրը իր անձնական պարագաները, զգացումները կամ ապագայի  հաշիւները ունի: Այս առումով կ'ուզեմ յիշեցել սակայն, որ որեւէ հարց բացասականի կողքին անպայման ունի նաեւ իր դրական կողմը, եւ մենք հալէպահայերս  քանի որ հայախօս ենք եւ ազգային բարձր ոգիով  կը մեծնանք մեր փոքրիկ Հայաստանին՝ Հալէպին մէջ, կը նկատեմ, որ ուր որ գացինք, նոր շունչ մը, նոր ուժ մը աւելցուցինք իւրաքանչիւր գաղութի մէջ:

Ես միշտ լաւատես եմ, կը յուսամ որ գաղութը իր առաջուայ կեանքը կը վերագտնէ, ինչու չէ՞, նոր սերունդներ կը ծնին տակաւին այդտեղ եւ միայն բարին պէտք է մաղթենք:

 

Հարցազրոյցը՝ Անի Չալեանի