image

Աֆրին. Մեծ թիւով փախստական դարձած քիւրտերը ծանր պայմաններու տակ են

Աֆրին. Մեծ  թիւով փախստական դարձած քիւրտերը ծանր պայմաններու տակ են

Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ գտնուող քրտական ինքնավարութեան մարմնի անդամ Հէֆի Մուսթաֆան յայտնած է, որ աւելի քան 200 հազար մարդ, որոնք փախուստի դիմած են Թուրքիոյ կազմակերպած ռազմական գործողութեան հետեւանքով՝ կը մնան անօթեւան, Աֆրինի մօտ շրջաններու մէջ եւ անոնք սնունդի եւ ջուրի պակաս ունին: Այս մասին կը հաղորդէ «skynews»ը, նշելով, որ քիւրտ ղեկավարը հեռախօսազրոյցի միջոցաւ «Ռոյթըրզ»ին յայտնած է, որ «Ինքնաշարժ ունեցողները իրենց մեքենաներուն մէջ կը գիշերեն, իսկ մնացածը իրենց երեխաներուն հետ ծառի մը տակ կը փորձեն տեղաւորուիլ՝ քանանալու համար»:

 

Հէֆի Մուսթաֆա նաեւ նշած է, որ Աֆրինի մէջ մնացող քաղաքացիները եւս սպառնալիքի տակ կը գտնուին՝ Թուրքիոյ օժանդակութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ:

 

Միաժամանակ, սուրիացի քիւրտ պատասխանատու մը ըսած է, որ Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ իրականացուցած ռազմական գործողութիւնը «բռնատիրութիւն է», որ կը սպառնայ Սուրիոյ հիւսիսային մնացած բոլոր շրջաններուն: