image
Հրատապ լուրեր:

«Հալէպի համար վտանգաւոր կրնայ ըլլալ եթէ թուրքերը Թալ Ռըֆհաթը գրաւեն» Հալէպահայ բժիշկ

«Հալէպի համար վտանգաւոր կրնայ ըլլալ եթէ թուրքերը Թալ Ռըֆհաթը գրաւեն» Հալէպահայ  բժիշկ

«Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ  հալէպահայ   բժիշկ   Յարութիւն Նազարեանը:


-Ի՞նչ տեղեկութիւններ ունիք Աֆրինի մասին, տրուած ըլլալով, որ վերջին երկու ամիսներուն այս շրջանին մէջ բուռն մարտեր տեղի կունենային:


-Ինչպէս բոլորս գիտենք, անցնող 50 օրերու ընթացքին Թուրքիան զինուորական  գործողութիւն սկսաւ եւ շրջապատեց Աֆրինը: Աֆրինի դէմ յարձակման թրքական բանակին միացած էր նաեւ  Թուրքիոյ  հովանիին  տակ գործող «Ազատ բանակ»ի զինեալները եւ նոյնիսկ «Տահէշ»ի անդամներ, որոնց նկարները երէկ շրջանառութեան մէջ  դրուեցան, ուր անոնք «ազատ-համարձակ» ձեւով թալանի կ'ենթարկեն Աֆրինի քաղաքացիներուն բնակարանները:

Թուրքիոյ այս քայլին դիմելու պատրուակը այն էր, որ ան չուզեր Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտերու վերահսկողութեան տակ  եղող գօտի մը  տեսնել:

Հետեւաբար, ան պատրուակելով, որ Աֆրինի մէջ PKK-ի եւ PYD-ի քրտական ահաբեկչական խմբաւորուները կը գործեն, ընթացք  տուաւ Աֆրինի վրայ զինուորական  գործողութեան մը, եւ  ռազմերէն  գրեթէ  երկու ամիս ետք գրաւեց Աֆրինը:   


-Այս առումով որեւէ վտանգ կը սպառնա՞յ Հալէպին: Ի՞նչ կը խօսուի յատկապէս Աֆրինի մէջ թրքական ուժերու երեւումէն ետք, ապահովական մտահոգութիւններ կան ընդհանրապէս կապուած աս վերջին զարգացումներուն, մանաւանդ որ Աֆրինը հեռու չէ Հալէպէն:

 

-Աֆրինը մօտ քաղաք եղած է Հալէպին եւ տարիներու ընթացքին ան դարձած էր հիմնական քրտաբնակ տարածք,   եւ վերջին տարիներուն բաւական զարգացած էր: 2011-ին, երբ սկսան Սուրիոյ հարցերը, քիւրտերը սկսան կամաց-կամաց քրտական հագուստ «հագցընել» Աֆրինին եւ վերջնականապէս անջատել  զայն սուրիական պետութենէն: Անոնք, օգտագործելով առիթը, սկսան համագործակցիլ ե՛ւ Սուրիոյ կառավարական  բանակին,  ե՛ւ «Ազատ բանակ»ին հետ:  Այդպիսով անոնք «աղօտ» քաղաքական կեցուածք մը ունեցան եւ շահագործումներ ըրին, իրենց տարածքէն անցնող ինքնաշարժներուն թիւերը փոխել տուին, ապրանքներուն, յատկապէս վառելանիւթի վրայ տուրքեր դրին: Աւելին ընելով  անոնք, իրենց շրջաններէն ներս դպրոցներուն մէջ քրտերէն լեզու դասաւանդել պարտադրեցին ու նաեւ Սուրիոյ պետական կրթական ծրագիրը առկախեցին: Այլ գետնի վրայ անոնք սուրիական պետական կեդրոնները փոխարինեցին քրտական կեդրոններով ու վար առին Սուրիոյ դրօշակը:

Այստեղ պէտք է նշեմ, որ Աֆրինի կապը Հալէպի հետ նաեւ տնտեսական-առեւտրական  կապ մըն է: Աֆրին յայտնի էր իր ձիթապտուղով եւ անկէ պատրաստուած ընտիր ձէթով ու այդ պատճառով ալ շատ մը հալէպցի վաճառականներ ձէթի առեւտուրով կը զբաղուէին: Երկու քաղաքներուն միջեւ շփում կար եւ առեւտրական կապը որոշակի շարժ   եւ եկամուտ կ'ապահովէր երկու քաղաքներուն:

Ու այս առումով ալ յատկապէս Թուրքիոյ Աֆրինի ուղղութեամբ սկսած  զինուորական գործողութիւններէն ետք, Հալէպի տնտեսութիւնը, ինչ որ կերպ վնասներ կրեց: Ու հակառակ անոր, որ այսօր Հալէպի մէջ խուճապային  մթնոլորտ մը չկայ, սակայն ժողովրդային մակարդակի վրայ, ինչ որ  մտավախութիւններ  կան, որ Թուրքիան մօտեցած է Հալէպին:

Իսկ երէկ Աֆրինի գրաւումով, արդէն կրնանք բացայայտ կերպով ըսել, որ Թուրքիան կը գտնուի Հալէպէն  միայն 40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ այս մէկը մտահոգութին կը պատաճառէ Հալէպի ժողովուրդին:

Հիմա շատերու համար մտահոգութիւն է, թէ արդեօք Թուրքիան  պիտի  շարժի Թալ Ռաֆհաթ գիւղի ուղղութեամբ,  թէ ոչ պիտի շարունակէ իր յառաջխաղացքը դէպի Մընպէճ:

Այս հանգամանքները մտահոգիչ են մեզի համար, ու գաղտնիք չէ, որ Հալէպը կրնայ լրջօրէն վտանգուիլ, եթէ թրքական բանակը գրաւէ Թալ Ռըֆհաթը: