image
Հրատապ լուրեր:

Նիսի Եկեղեցւոյ հովուատան հարցով դատական նիստին վճիռը երկուշաբթի օր

Նիսի Եկեղեցւոյ հովուատան հարցով դատական նիստին վճիռը երկուշաբթի օր

15 Մարտի Ֆրանսայի Նիս քաղաքի մէջ կայացած է հոգեւոր հովիւ Գրիգոր տէր Խաչատրեանի հովուատան գործով դատը: Ըստ քաղաքի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ դատաւորը լսած է կողմերու բացատրութիւնները եւ յայտնած, որ վճիռը կը հրապարակուի մարտի 19-ին՝ երկուշաբթի օրը:


«Այս պահին հայր Գրիգորը հովուատան մէջ չ'ապրիր»,- ըսած է համայնքի ներկայացուցիչը:

Նշենք, որ դատը պէտք է կայանար նախորդ երկուշաբթի՝ մարտի 12-ին, սակայն յետաձգուած էր:

Նախորդ շաբաթ Նիսի հոգեւոր հովիւ, Ֆրանսայի թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տէր Գրիգոր աբեղայ Խաչատրեանը  պատմած էր, որ Նիսի նախկին կրօնական ընկերակցութիւնը փոխած էր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ բոլոր փականները՝ դուրս թողելով զինք:

Նիսի եկեղեցական տագնապը նորութիւն չէ եւ այն սկիզբ առած է  տասնամեակ մը առաջ Նիսի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիի խորհուրդին եւ Ֆրանսայի թեմի  առաջնորդութեան միջեւ առկայ տարակարծութիւններուն հետեւանքով:

Մայր  Աթոռ  Սուրբ Էջմիածինը քանիցս փորձած է հաշտարարի դեր կատարել սակայն չէ յաջողած: Նշենք նաեւ, որ մինչեւ հովուատան դէպքը երկու կողմերուն միջեւ հաշտութեան  աշխոյժ  բանակցութիւններ տեղի  կ'ունենային:

 

Յիշեցնենք, որ Հայր Գրիգորի կատարած յայտատարութիւններն ու դատական գործին մասին տեղեկանքը փոխառած են «Թերթ.ամ» կայքէն: