image
Հրատապ լուրեր:

Արսէն Արծրունիին տեղափոխած են Արմաւիր բանտ

Արսէն Արծրունիին տեղափոխած են Արմաւիր բանտ

ՀՀ ԱՆ «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկէն ներս գտնուող, ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արսէն Արծրունին այսօր տեղափոխած են Արմաւիր բանտ: Այս մասին կը տեղեկանանք անոր հարազատներէն, որոնք բազմիցս ահազանգած են, որ դատապարտման մէջ գտնուող Արսէնը առողջական լուրջ խնդիրներ ունի եւ «Արթիկ» քրէակատարողական հիմնարկին մէջ անոր համապատասխան բուժօգնութիւն  հնարաւոր չէ ցուցաբերել: Աւելին, վիճակը, երթալով հնարաւոր է բարդանայ եւ բարդութիւնները կանխելու համար Արսէնի հարազատները, անոր ճանչցողներն ու կեանքին ծանօթ մարդիկ, բազմաթիւ հանրային գործիչներ, սփիւռքահայեր դիմած են Հայաստանի իրաւապահ մարմիններուն՝ օրէնքի եւ մարդասիրութեան սկզբունքներու սահմաններուն մէջ  աջակցիլ՝ փրկելու անոր կեանքը: Անոնք պատրաստ են օգնել Արսէնի բուժման համար եւ կը համարեն, որ լաւագոյն բուժումը ան կրնայ ստանալ իր ծննդավայր Լիբանանի մէջ՝ հարազատներու կողքին:

Ինչպէս արդէն տեղեկացուցած ենք, ցմահ ազատազրկման դատապարտուած Արսէն Արծրունին բանտին մէջ հիւանդութիւն ձեռք բերած է. ան կը տառապի վահանաձեւ գեղձի բարդ հիւանդութեամբ, որ, ըստ մասնագէտներու, բանտային պայմաններուն մէջ եւ առանց երկարաժամկէտ, հետեւողական խնամքի եւ բժշկական լուրջ միջմտութեան, չի կրնար բուժուիլ:

Հարազատները յոյս ունին, որ  Արթիկէն Արմաւիր տեղափոխելը Արսէնի առողջական հարցերուն աջակցելու եւ բազում խնդրանքներուն ընթացք տալու առաջին քայլն է: