image
Հրատապ լուրեր:

7 Տարի անցած է Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն. Զոհերուն թիւը հասած է կէս միլիոնի

7 Տարի անցած է Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն. Զոհերուն թիւը հասած է կէս միլիոնի

Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտորդը յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ 2011-ին սկսած պատերազմէն ի վեր 511.000 մարդ սպանուած է:

 

Միջազգային շատ մը բանակցութիւններ չկարողացան վերջ տալ երկրի մէջ եղած հակամարտութեան: Կը գրէ «Lebanon 24»ը, նշելով, որ սուրիական ռեժիմը վերջին երկու տարիներուն յաջողեցաւ ընդդիմութեան տիրապետութեան տակ եղած մեծ տարածքներ իր հակակշռին տակ առնել:

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ միլիոնաւոր սուրիացիներ ստիպուեցան հեռանալ երկրէն արտասահմանի մէջ ապաստան փնտռելու նպատակով, իսկ ուրիշներ Սուրիոյ ներսը տեղահան եղան, նաեւ շատ մը այլ շրջաններու բնակիչներ կը գտնուին խեղդող շրջափակման տակ եւ մարդասիրական աղիտալի իրավիճակի մէջ: