image

«Հաւատացեալներու թիւը այնքան շատ էր, որ եկեղեցիին մէջ քալելու տեղ չէր մնացած». Գրիգոր Մերճանեան (Լուսանկարներ)

«Հաւատացեալներու թիւը այնքան շատ էր, որ եկեղեցիին  մէջ քալելու տեղ չէր մնացած». Գրիգոր Մերճանեան (Լուսանկարներ)

Ինչպէս «Արեւելք» նախապէս հաղորդած էր, Հալէպի մէջ 10 մարտին նշուած է Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ անուանակոչութեան  տօնը:

 

Հալէպահայ Գրիգոր Մերճանեան այդ ընթացքին հետաքրքրական նկարահանում մը կատարած է, ուր յստակօրէն  կ'երեւի եկեղեցիէն ներս տիրող աշխոյժ մթնոլորտն ու հալէպահայութեան ոգեւորութիւնը:


 

 

Մերճանեան իր տեսանիւթին մէջ կը նշէ, որ 6 տարիներու դադարէն ետք, այսօր առաջին անգամ ըլլալով Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ պատարագ կը մատուցուի: Ան բացատրողական մեկնաբանութիւններ կատարելով ցոյց կու տայ եկեղեցւոյ դատարկ  խորանները, վերնատունը, յայտնի «դատաստանի օրը» ներկայացնող պատկերի պատը, որ այլեւս այնտեղ չի գտնուիր:

 

 

«Հայութիւնը այնչափ որ մեծ թիւով լեցուած է եկեղեցի, ճամբայ չկար քալելու»,-կ'ըսէ Մերճանեան եւ ցոյց կու տայ մոմ վառելու կանգնած մեծ թիւով ժողովուրդը:

 

 

Այնուհետեւ, ան, դուրս գալով եկեղեցւոյ շրջափակ, ցոյց կու տայ հաւաքուած ժողովուրդը, որոնք հին օրերու սովորութեան նման բակին մէջ կը զրուցեն, քահանայ հայրերուն հետ կը շփուին, յուշակոթողներուն առջեւ կը նկարուին եւ իրենց յուզումն ու ուրախութիւնը կը կիսուին:

Մերճանեան այդ ընթացքին կը նկարէ վնասուած պատերը, զանգակատունը:

 

 

 

 

 

 

 

Ուշագրաւ է եկեղեցւոյ մուտքի դուռը, որ համեմատած նախկինին շատ փոքրացուած է եւ ժողովուրդը կը ստիպուի գլխահակ մտնել: «Դուրս ելլելու դուռը շատ պզտիկ եղած է, անոր համար դանդաղ կ'ըլլայ ժողովուրդի դուրս գալը, Սեյիտնաիա վանքի դրան նման եղած է»,-կ'ըսէ Մերճանեան:

 

 

 

Այնուհետեւ ցոյց կու տայ եկեղեցիէն դուրս գտնուող տարածքը, Առաջնորդարանի դուռը, դուրսի քանդուած պատը: Մերճանեան ցոյց կու տար ամենաշատ վնասուած հատուածը, որ եկեղեցւոյ դուրսի մուտքի պատն է եւ թաղականներու սենեակը, ինչպէս կ'ըսէ ան: Եկեղեցւոյ գմբէթը նկարելով՝ կը տեսնենք անոր գագաթին կիսուած խաչը:

 

 

 

 

 

 

Տեսանիւթի աւարտին, կը տեսնենք Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանը, որ մտերմիկ զրոյց կը վարէ իր շուրջ հաւաքուած ժողովուրդի զաւակներուն հետ, որոնք համբուրելով անոր աջը հրաժեշտ կու տան:

 

 

 

Ինչպէս գիտենք,  Հալէպի Հայ Առաքելական Քառասնից  Մանկանց պատմական եկեղեցին Ժըտայտէի շրջանին մէջ է:  Ան, գտնուելով բախումներու շրջանի սահմանին, ենթարկուած է ուղղակի եւ ահաւոր վնասուածքներու:

Ճիշդ է, որ լրատուամիջոցներու կողմէ յստակ ներկայացուած էր եկեղեցւոյ իրավիճակը, սակայն Մերճանեանի կատարած պարզ նկարահանումը, յատկապէս Հալէպէն հեռացած հայութեան, հնարաւորութիւն կու տայ այդ ամէնը ամբողջական պատկերի մէջ տեսնել եւ պահ մը վերապրիլ այդ հարազատ տարածքին մէջ իրենց ունեցած յուշերը:

Նիւթի մէջ ներկայացուած նկարները Մերճանեանի հրապարակած տեսանիւթէն առնուած    լուսանկարներն են: