image

«Մենք ջանք պիտի չխնայենք Արսէնի կեանքը փրկելու համար». Սեւակ Արծրունի

«Մենք ջանք պիտի չխնայենք Արսէնի կեանքը փրկելու համար». Սեւակ Արծրունի

Հարցազրոյց Արսէն Արծրունիի եղբօր՝ գործարար, հասարակական գործիչ Սեւակ Արծրունիի հետ

 

-Անցեալ տարեվերջին Արսէն Արծրունիի հարազատները ահազանգ հնչեցուցին, որ բանտարկութեան մեջ գտնուող Արսէնի առողջական վիճակը վատ է, եւ բանտային պայմաններէն դուրս բուժումը անհրաժեշտ է: Բաւական ժամանակ  անցած է այդ ահազանգէն, սակայն Արսէնը դեռ անազատութեան մէջ է: Ինչպէ՞ս է անոր առողջական վիճակը այսօր:

 

-Արսէնը կը տառապի վահանաձեւ գեղձի բարդ հիւանդութեամբ, որ, դժբախտաբար, բանտային պայմաններու մէջ եւ առանց երկարաժամկէտ, հետեւողական խնամքի եւ բժշկական լուրջ միջմտութեան, չի կրնար բուժուիլ: Արսէնի առողջական վիճակը դանդաղ, բայց շարունակական կերպով կը վատանայ, իր հիւանդութեան ախտանիշները երթալով կը սրուին ու կը բազմանան: Սակայն մեզ աւելի շատ  կ'անհանգստացնէ այն փաստը, որ Արսէնի հիւանդութեան իսկական ախտորոշում մենք մինչեւ հիմա չունինք:  Ժամանակը ցոյց տուաւ, դժբախտաբար, որ  «Նայիրի» հիւանդանոցի մէջ կատարուած հապճեպ հետազօտութիւնները բոլորովին ալ սպառիչ չէին՝ քննութիւններու եւ այդ քննութիւններու արդիւնքներու բաւարար ուսումնասիրման իմաստով: Մենք այսօր գիտենք, որ դժբախտաբար Արսէնը վահանաձեւ գեղձի հատուածին մէջ ունի առնուազն մէկ ուռուցք, որու չարորակ ըլլալու հաւանականութիւնը բարձր կը գնահատեն բժիշկները: Այսինքն Արսէնը պէտք է հետազօտութեան ենթարկուի, պէտք է բժշկուի, կենցաղային համապատասխան պայմաններու ապահովում պէտք է: Իսկ այդ ամէնը Հայաստանի մէջ քրէակատարողական հիմնարկները եւ արդարադատութեան ամբողջ համակարգը դժուար թէ կրնան ապահովել: Մինչդեռ Արսէնը Լիբանանի քաղաքացի է եւ կրնայ իր ծննդավայրի մէջ ստանալ համապատասխան բուժում:

 

- Դատական նիստերը ի՞նչ արդիւնք ունեցան:

 

-Հարազատներու բարձրացուցած աղմուկի եւ այդ աղմուկի ստեղծած հասարակական անհանգստութեան պայմաններու մէջ Քրէական վերաքննիչ դատարանը լուրջօրէն կը հետապնդէ գործի բոլոր հանգամանքները: Մինչդեռ Առաջին ատեանի դատարանն ու անկէ առաջ վաղաժամկէտ ազատման գործերով զբաղող յատուկ անկախ յանձնաժողովը, արհամարհած են գործը ոչ միայն արդարութեան, բարոյականութեան տեսակէտէն, այլ  նաեւ՝ դատավարական նորմերու իմաստով: Մենք կը հանդիպինք դատական իրաւունքի կոպիտ խախտումներու, որոնց նկատմամբ, համոզուած ենք, Վերաքննիչ դատարանը մարտի 20-ի դատավարութեան եւ վճիռի ընդունման ժամանակ լուրջ վերաբերմունք պիտի ցուցաբերէ: Արսէնի իրաւաբանները յանձնաժողովին եւ Առաջին ատեանի դատարանին ներկայացուցած են մօտ երեք հարիւր էջ նիւթ. այդ նիւթերը կ'ապացուցեն, որ Արսէնը ոչ միայն ուղղուած է, այլ նոյնիսկ այսօր կրնայ օգտակար ըլլալ այլ դատապարտեալներու՝ հոգեբանական ուղղուածութեան հասնելու համար: Սակայն այդ թղթածրարը դատարանի մէջ կորսուած է: Պարզ տրամաբանութիւն մը գոյութիւն ունի, դատական գործի մը մէջ, երբ ապացոյցներու փաթեթը կը կորսուի եւ որպէս արդիւնք դատական վճիռը կը հրապարակուի այդ ապացոյցներու բացակայութեան պայմաններու մէջ, այդ դատն ու վճիռը չեն կրնար արդար համարուիլ:

  

-Դուք դիմած էիք նաեւ իրաւապահ մարմիններուն, ի՞նչ արձագանգ ունեցան այդ դիմում-նամակները:

 

-Հարազատները դիմած են նախեւառաջ արդարադատութեան նախարար Դաւիթ Յարութիւնեանին, յայտարարելով, որ Արսէնի ճակատագիրի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ անձամբ նախարարի ուսերուն: Այսօր իրավիճակը նոյնն է: ՀՀ Արդարադատութիւնը եւ անոր ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանը անհասկնալիօրէն կը շարունակեն անտեսել Արսէն Արծրունիի կեանքին սպառնացող բոլոր հանգամանքները:

Մեր դիմումի յաջորդ օրը պարոն նախարարը մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց, թէ ինքը կապ չունի Արսէնի ազատման հետ, որ  չի կրնար միջամտել դատարաններու աշխատանքին եւ առաւել եւս կապ չունի անկախ յանձնաժողովի աշխատանքի հետ: Մեր կողմէն բարձրացուած հարցը, սակայն, չէր վերաբերեր միայն դատական գործընթացներուն: Արդարադատութեան նախարարութիւնը կը վերահսկէ բոլոր քրէակատարողական հիմնարկները, եւ այնտեղ յայտնուած բոլոր մարդոց իրաւունքներու երաշխաւորը առաջին հերթին արդարադատութեան նախարարն է: Եթէ Արսէնը ուղղուած է, եթէ ան բանտին մէջ ուսանած է եւ հիմա ալ թեկնածութիւն կը  պաշտպանէ, եթէ Արսէնը բանտի մէջ հիւանդացած է, եւ այդ հիւանդութիւնը այսօր արդէն կը սպառնայ անոր կեանքը, ապա Արսէնի հարազատներէն առաջ նախարարն է պարտաւոր  պաշտպանել իրաւազրկուած եւ վտանգուած դատապարտեալի իրաւունքները:

Ի տարբերութիւն նախարարի, մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը անմիջապէս պատասխանեց մեր նամակին եւ պատուիրակութիւն ուղարկեց Արթիկ՝ ուսումնասիրելու Արսէնի առողջական վիճակը:

Կայ հանգամանք մը, որ բարոյական իմաստով աւելի կը ծանրաբեռնէ ՀՀ արդարադատութեան վիճակը այս գործին մէջ: Նկատի առնելով Արսէնի առողջական վիճակը, իրաւապահ մարմինները եւ արդարադատութեան ոլորտը համակարգող գերատեսչութիւնները, նախարարի գլխաւորութեամբ, պարտաւոր են արագացնել Արսէնի դատական, կենցաղային եւ առողջապահական միջոցառումները: Սակայն կը տեսնենք, որ իւրաքանչիւր խնդիրի համար, թէկուզ եւ ամենատարրական, ամէն ինչ կը ձգուի: Արսէնի դիմումը՝ զինք Արմաւիրի բանտ տեղափոխելու մասին, արդէն երկու ամիս է՝ չ'իրականացուիր, մինչդեռ Արսէնի՝ այնտեղ տեղափոխումը կրնայ զգալի ձեւով դիւրացնել իր խնդիրներու կարգաւորման համար իրականացուող ջանքերը թէ՛ իրաւաբաններու, թէ՛ բժիշկներու եւ թէ՛ իրենց՝ արդարադատութեան գերատեսչութեան մարմիններու համար: Կը ձգձգուին դատական նիստերը, բժշկական միջամտութիւններու մասին մեր խնդրանքներուն ընթացք տալը եւ այլն:

Արդարադատութեան նախարարութեան եւ անոր ենթակայ մարմիններու արհամարհական լռութիւնը, անոնց բացայայտ անտարբերութիւնը, նոյնիսկ դատարանի մէջ, պարզապէս առաւել կը հիմնաւորուի այն փաստը, որ Արսէնի ճակատագիրի համար անձամբ պատասխանատու է նախարար Յարութիւնեանը: Ան համապատասխան օժանդակութիւն չի տրամադրեր իր պատասխանատուութեան տակ գտնուող եւ վտանգուած օտարերկրացի քաղաքացիին, որ իր վարքով, պահուածքով եւ բանտային կեանքի կենսագրութեամբ ապացուցած է, որ ուղղուած է, եւ աւելի արդար ու պարկեշտ կեանքով կ'ապրի, քան՝ միլիոնաւոր անպարտ եւ պարկեշտ քաղաքացիներ ազատութեան մէջ:

 

-Հարցը ստացած է նաեւ հասարակական հնչեղութիւն, ի՞նչ կրնաք հաղորդել հարցին տեղեակ եւ Արսէնի ազատութիւնը պահանջող հասարակութեան այն խաւին, որ ուշի-ուշով կը հետեւի զարգացումներուն: Արսէնին ազատ արձակելու եւ անոր առողջական հարցերով մտահոգ է նաեւ սփիւռքահայութիւնը: Կրնա՞ք ըսել, որ հայրենի եւ սփիւռքահայ հասարակութիւններու սպասումները՝ հայրենի իրաւապահներէն, ի չիք եղան:

 

-Մենք հայրենադարձներ ենք: Արդէն 23 տարի, Արցախի պատերազմի տարիներէն հիմնաւորուած ենք այստեղ, մեր երեխաներն այստեղ ծնած են, եւ եթէ, հակառակ ամէն ինչին, չենք լքած մեր երկիրը, նոյնիսկ ոչ մէկ անգամ, ո՛չ Արսէնը եւ ո՛չ մենք, չենք շահարկած Արսէնի հարցի քաղաքական խորքը, պատճառը միայն մեր հայրենասիրութիւնն է, մեր՝ ՀՀ պետականութեան նուիրուածութիւնը, սկզբունք, որ մեզ փոխանցած է մեր հայրը՝ հրապարակագիր, թատերագիր, մտաւորական Արա Արծրունին: Մինչեւ հիմա մենք Արսէնի հարցով նոյնիսկ չենք դիմած Եւրոպական կամ միջազգային այլ ատեաններու միջամտութեան՝ բարձր դասելով մեր հայրենիքի շահը մեր պահանջներէն: Այժմ ալ նոյնպէս մենք ամէն ինչ կ'ընենք, որպէսզի հասարակութիւնը չհիասթափուի հայրենի իրաւապահներէն եւ ընդհանրապէս իշխանութենէն, սակայն Արսէնի կեանքի նկատմամբ անոնց արհամարհական վերաբերմունքը եւ զայն կորսնցնելու սարսափն ու պատասխանատուութեան զգացումը մեզ հիմա կը մղեն ոչինչի առջեւ չկանգնիլ՝  հասնելու համար Արսէնի ազատմանն ու բուժման,  ընդհուպ դիմելու միջազգային կառոյցներուն:

Մենք Արսէնի անձի նկատմամբ յատուկ վերաբերմունք չենք պահանջեր, բացառութեան խնդիր չկայ: Պարզապէս կը յորդորենք ՀՀ իշխանութիւնները եւ իրաւապահները՝ մեր հարազատի նկատմամբ վերաբերիլ պատասխանատուութեամբ, մարդասիրութեամբ, արդարութեամբ, բայց մանաւանդ կը յորդորենք առաջնորդուիլ վաղաժամկէտ ազատման նոր օրէնքի  պահանջներու ճշգրիտ կատարմամբ: Իւրաքանչիւր քաղաքացի, ներառեալ բանտարկեալները, իրաւունք ունին օգտուիլ երկրի օրէնքներէն, յատկապէս՝ այն բանտարկեալները, որոնք ուղղուած են եւ այլեւս վտանգաւոր չեն հասարակութեան համար:

Բացի անկէ, այս գործի շրջանակներու մէջ մէկ հարց ալ կը ծագի: Յանուն հասարակութեան բանտի մէջ կը պահուի մարդ մը, որ ազատման համար ՀՀ իշխանութիւններուն դիմած են կաթողիկոսներ, Լիբանանի վարչապետը, հարիւրաւոր հայրենի եւ սփիւռքահայ անուանի մտաւորականներ, ազգային հերոսներ եւ գործիչներ, եւ այսօր նաեւ այդ կոչերուն միացած են հասարակութեան լայն շրջանակներ: Այսինքն նոյնինքը՝ հասարակութիւնը իր բոլոր խորհրդանիշներով:

Վերջաւորութեան, թոյլ տուէք արտայայտուելու միայն հարազատներու անունով. մենք ջանք պիտի չխնայենք, Արսէնի կեանքը փրկելու համար: Առկայ է կեանքի ու մահուան իրավիճակ, որու պայմաններու մէջ դատարաններու եւ քրէակատարողական մարմիններու կողմէն որեւէ բացթողում կրնայ անդառնալի ըլլալ Արսէնի համար: Մենք պարզապէս իրաւունք չունինք յապաղելու, տատամսելու կամ թերանալու: