image
Հրատապ լուրեր:

«Կը խնդրեմ ձեզ ազատ արձակէք, որ արժանի ըլլամ տեսնել Արսէնին». Արսէն Արծրունիի հօրաքոյր

«Կը խնդրեմ ձեզ ազատ արձակէք, որ արժանի ըլլամ տեսնել Արսէնին». Արսէն Արծրունիի հօրաքոյր

Արսէն Արծրունիի 90-ամեայ հօրաքոյրը՝ Արսինէ Արծրունի Մելիքսեթեանը կ'ընթերցէ Արսէնի հարազատներու՝ 25 փետրուարի 2018-ի դիմումը՝ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանին եւ Վերաքննիչ քրէական դատարանի նախագահ Վազգէն Ռշտունիին: Մտաւորական կինն այս նախաձեռնութեամբ կ'արտայայտէ այն հազարաւոր սփիւռքահայ կանանց զգացումները, որոնք, ծանօթանալով Արսէն Արծրունիի գործին՝ կը պահանջեն անյապաղ ազատ արձակել 1994 թուականէն ի վեր իր պատիժը կրող Արսէն Արծրունին, որ բանէն ներս ձեռք բերած է կեանքի հետ անհամատեղելի հիւանդութիւն:

Տեսանիւթին մէջ նկատելի է, թէ ինչպէս Արսինէ Արծրունի Մելիքսեթեանը կը յուզուի, սակայն հաստատակամօրէն կը շարունակէ իր խնդրանքն ուղղել հայրենիքի իրաւապահ մարմիններուն՝ հաւատալով, որ այն չանտեսուիր. «Իննսունամեայ տարիքիս տարիներու բեռն ուսերուս շալակած կը տառապիմ եւ կը սպասեմ Արսէնին, որ կարողանամ վերջապէս տեսնել անոր: Կը խնդրեմ ձեզ ազատ արձակէք, որ արժանի ըլլամ տեսնել Արսէնին»,-կը դիմէ Արսէն Արծրունիի հօրաքոյրը: