image
Հրատապ լուրեր:

Օճալանի ձերբակալութիւն. Առաջին անգամ ըլլալով կը հրապարկուին մանրամասնութիւններ

Օճալանի ձերբակալութիւն. Առաջին անգամ  ըլլալով կը հրապարկուին մանրամասնութիւններ

Թրքական «Անատոլու» գործակալութիւնը հրապարակած է 1999 թուականին Քենիայի մէջ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի ձերբակալութեան մանրամասները, զորս տրամադրած է Թուրքիոյ Երթեւեկութեան նախարարութեան խորհրդական փրոֆեսոր Հասան Իշկուզար:

Անգարայի համալսարանի դասախօսը պատմած է, թէ Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան աշխատակիցներ դիմած են իրեն, յայտնելով, որ Յունաստան հոլանտական օդանաւ մը վարձած է, Օճալանը Քենիայէն Հոլանտա տեղափոխելու համար, հետեւաբար իրմէ կը պահանջուի նոյն տեսակի եւ գոյնի թրքական օդանաւ գտնել, որպէսզի խաբէութեամբ Օճալանը առեւանգուի ու Թուրքիա տեղափոխուի:

Նման պայմաններով օդանաւ գտնուած է թուրք գործարարի մը մօտ, որմէ վարձուած է այն, ներկուած հոլանտական օդանաւին գոյնով, այնուհետեւ երկու օդաչուներով եւ հետախուզական ծառայութեան 5-6 աշխատակիցներով մեկնած է Քենիա:

Թրքական օդանաւը Քենիա հասած է հոլանտական օդանաւի վայրէջքէն երկու ժամ առաջ: Օճալան 4 ինքնաշարժներու ուղեկցութեամբ հասած է օդակայան, ընդամէնը 60 երկվայրկեանի ընթացքին թրքական օդանաւի դուռը բացուած, Օճալան ներս մտած ու ձերբակալուած է:

Վերադարձին Կիպրոսի օդային սահմանը հատած ժամանակ թրքական օդանաւը խնդիրներ ունեցած է կիպրական իշխանութիւններուն հետ, զորս նոյնպէս խաղի բերելով ու սուտ տուեալներ փոխանցելով յաջողած են հասնիլ Թուրքիա: