image

Աֆրինի վերջին դէպքերը վատ ազդեցութիւն ունեցան Քեսապցիներու հոգեբանութեան վրայ. Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան

Աֆրինի  վերջին   դէպքերը      վատ   ազդեցութիւն ունեցան    Քեսապցիներու  հոգեբանութեան վրայ. Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան

Շրջան մը հայկական լրահոսի   կիզակէտը ըլլալէն ետք, այսօր շատ հազուագիւտ առիթներով կարելի կ'ըլլայ լրատուութիւն  ստանալ հայկական Քեսապ  աւանին մասին: Այս պատճառով ալ «Արեւելք» օրերս հարցազրոյց ունեցաւ Քեսապի Հայ Աւետարանական համայնքի հովիւ Պատուելի Ժիրայր Ղազարեանի հետ:

Ստորեւ կը ներկայացնենք  հարցազրոյցը.-

-Պատուելի, ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Քեսապի մէջ:

Ներկայիս իրավիճակը հանդարտ է Քեսապի մէջ եւ կրնանք ըսել, որ այս վերջին 4-5 ամիսներուն ընդհանրապէս գիւղը բնականոն վիճակի մը մէջ է:

 

-Իսկ ընդհանրապէս ձայներ չեն լսուի՞ր շրջանին մէջ:

Ճիշդը եթէ կ'ուզէք, ատենը մէյ մը կը նկատենք, որ Սուրիոյ բանակը տարբեր ուղղութիւներով հրթիռարձակումներ կը կատարէ, բայց այդ շրջանները մեր գիւղէն բաւական հեռու շրջաններ են:

 

-Պատուելի, խօսեցանք գիւղի ապահովական իրավիճակի մասին, ի՞նչ կրնաք ըսել համայնքի կեանքին մասին, ի՞նչ վիճակի մէջ է համայնքը:

Կրնանք ըսել, որ համայնքը վերագտած է իր աշխոյժութիւնը, բայց անշուշտ բնական է, որ առաջուան իրաւիճակը չունինք: Մեր  յարանուանութիւնները կը փորձեն բնականոն հունով գործել, տեղի կ'ունենան հաւաքներ, միջոցառումներ, տօնական ձեռնարկներ, սակայն բնական է, որ Քեսապի մօտիկ անցեալի իրավիճակի հետ եթէ համեմատենք այսօրուան դրութիւնը, ապա կրնանք ըսել, որ իրավիճակը նոյնը չէ:

 

-Երբ Սուրիոյ մասին կը խօսնք, կ'ուզենք անպայման անդրադառնալ այնտեղի մարդագրական ընդհանուր պատկերին: Այդ առումով ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Քեսապի մէջ, այսինքն այլ շրջաններէ Քեսապ հաստատուող հայորդիներու հոսք կա՞յ:

Ոչ, ներկայիս այդպիսի բան չկայ: Գիտէք, ժամանակ մը առաջ, երբ Հալէպի մէջ պատերազմը բաւական թէժ էր, պատկառելի թիւով հալէպահայեր եկան եւ Քեսապ հաստատուեցան, սակայն երբ Հալէպը աւելի կայուն դարձաւ, անոնք լքեցին Քեսապը եւ վերադարձան իրենց Հալէպի բնակարանները: Իսկ կայ խաւ մը նաեւ,  այն ալ արտասահման գտնուող քեսապցներու այն խաւն է, որոնք նախքան պատերազմը գիւղին մէջ իրենց գործերը ունէին, կալուածներ ունին եւ տարբեր առիթներով Քեսապ կը վերադառնան՝ մօտէն հսկելու համար իրենց ունեցուածքը եւ իրազեկուելու թէ ինչ կը կատարուի գիւղին մէջ: Անոնց մօտ նաեւ, մենք նկատած ենք, թէ վերադառնալու եւ իրենց գործերը, ձեռնարկութիւնները վերաաշխուժացնելու փափաք մը կայ, անշուշտ եթէ իրավիճակը ամբողջութեամբ կայունանայ:

Անշուշտ այս ընտանիքներուն թիւը մեծ չէ, 4-5 ընտանիք կան քեսապահայ, որոնք ինչպէս քիչ առաջ ըսի, կը համարուին գիւղի մեր գործարարները եւ անոնք փոքամասնութիւն մը կը կազմեն գիւղն մէջ:

 

-Խօսեցանք դէպի Քեսապ վերադարձողներուն մասին, իսկ ի՞նչ կրնաք ըսել Քեսապէն հեռացողներուն մասին: Գիտէք,  բաւական երկար ժամանակ առաջ մենք զրոյց մը ծաւալած էինք, ուր ըսած էիք, որ Քեսապէն հեռանալ ուզողներուն թիւը բաւական մեծ է: Այսօր ի՞նչ է այդ պատկերը, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:

Ճիշդը եթէ կ'ուզէք, Քեսապի դէպքերէն ետք, երբ մեր հայորդիները ետ վերադարձան գիւղ եւ վերսկսան բնական հունի մը մէջ մտնել, կը յիշեմ, որ շուրջ 8-10 ընտանիքներ Քեսապէն հեռանալու որոշում առին ու լքեցին գիւղը, բայց այսօր այդ հեռանալու միտումները   ընդհանրապէս չկան եւ անոնք որ այստեղ են, կարծէք համոզուած են, որ իրենց կեանքը Քեսապի մէջ պիտի շարունակեն:

-Պատուելի , Ձեր պատասխաններուն մէջ միշտ շեշտը դրիք, որ՝ եթէ խաղաղութիւնը հաստատուի, եթէ պատերազմը իր աւարտին հասնի, մեր ընթերցողներուն կրնաք ըսել Ձեր կարծիքով ե՞րբ վերջնականապէս պիտի կրնանք ըսել, որ Սուրիան եւ մասնաւորաբար Քեսապը ամբողջական խաղաղութեան պայմաններու մէջ են: Այս հարցումը կ'ուղղենք նաեւ նշելով, որ մենք բացայայտօրէն կրնանք ըսել, որ այսօր Քեսապը ընդհանրապէս ապահով է:

Համաձայն չեմ ձեր կարծիքին: Ո՛չ, Քեսապը այսօր ամբողջութեամբ ապահով գիւղ մը չէ: Գիտէք, միայն ապահովական խնդիրը չէ այստեղ, նաեւ կայ ժողովուրդին ներքին զգացողութեան հարցը եւ ատիկա, իմ կարծիքով, շատ կարեւոր տուեալ մըն է, որ մարդ նկատի պէտք է առնէ: Բացատրեմ. երբ վերջին ամիսներուն ընդհանրապէս Քեսապի մէջ ապահովական ոչ մէկ ծանրակշիռ դէպք եղաւ, բացի մէկ անգամ եղած ռմբակոծութենէ մը, կրնանք ըսել, որ մեր ժողովուրդը կրնար իր տունը, իր խանութները, իր հաստատութիւնները վերանորոգել, բայց չգնաց այդ քայլին եւ ատիկա որոշ մտահոգութեան մը վրայ հիմնուած էր. որոշ վերապահութիւն մը կայ գիւղին մէջ եւ հասկնալի է եւ քեսապահայութիւը, որ այսպիսի դէպքերու ականատես եղած է, այսօր զգուշաւոր կերպով կ'առնէ իր քայլերը: Բացի անկէ, վերջին շրջանին Սուրիոյ մէջ եղած զարգացումները, օրինակ՝ Աֆրինի պատերազմը, շատ վատ անդրադարձ ունեցաւ մեր գիւղացիներուն հոգեբանութեան վրայ, շատեր սկսան նոյնիսկ խօսիլ, որ այս պատերազմը չէ աւարտած, եւ կրնայ երկարիլ:

Այսպիսի խօսակցութիւններ նաեւ ցոյց կու տան, որ տակաւին քեսապցին տրամադիր չէ առաջուան վիճակին վերադառնալու կամ ինչ որ վերանորոգութիւններ ընելու եւ ունեցած խանութները բանալու եւայլն:

Ես Ձեր լրատուութեան ալ կը հետեւիմ, հոն ալ նկատած եմ, որ անոնք որոնք հարցազրոյցներ կու տան, անոնք ալ շեշտը կը դնեն յաճախ, որ պատերազմը տակաւին իր աւարտական փուլին մէջ չէ:

 

-Պատուելի, պիտի ուզէինք լսել Ձեզմէ գիւղացիներու ընդհանուր իրավիճակի մասին: ի՞նչ է անոնց վիճակը այս շրջանին:

Իմ անձնական զրոյցներուրս ընթացքին եղած խօսակցութիւններէն կարողացած եմ եզրակացութեան մը հասնիլ, որ այս տարի, տիրոջ շնորհքով, մեր գիւղացիներուն վիճակը դէպի լաւ պիտի երթայ: Այս փուլին գիւղացիները ծառերու պատուաստումով կը զբաղուին, ծառերու մաքրութեամբ, աւելորդ ճիւղերու կտրումով եւ այսպիսի աշխատանքնր կը կատարեն, նաեւ շրջակայ անտառները կ'երթան փայտ հատելու համար, որպէսզի զանոնք օգտագործեն ջերուցման համար ու ինչպէս ըսի, եթէ համեմատենք այս տարուան վիճակը անցեալ տարիներուն, ապա կրնանք վստահութեամբ ըսել, որ քեսապցի գիւղացիին վիճակը դէպի լաւը կ'ընթանայ:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի