image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Հրթիռներ ինկած են «Ալ Մուհաֆազա» շրջանին մէջ (Լուսանկարներ)

Հալէպ. Հրթիռներ ինկած են  «Ալ Մուհաֆազա» շրջանին մէջ (Լուսանկարներ)

Հալէպ քաղաքը երէկ ենթարկուած է հրթիռարձակումներու: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ Հալէպի մասին լուրեր հաղորդող դիմատետրի էջը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ,որ ըստ նախնական տուեալներու հրթիռներուն հետեւանքով մարդկային կորուստներ չեն հաղորդուած:

Աւելի ուշ «Արեւելք» կապ հաստատեց Հալէպի իր աղբիւրին հետ, որուն տուած տուեալներով եւ յատկապէս վերջին տարիներուն «Ալ Մուհաֆազա» շրջանը հայկական թաղամաս մը չի համարուիր ու հոն հազիւ թէ կ'ապրին քանի մը հայեր:

Յիշեցնենք, որ անցեալ յունուարին իր լրումին հասաւ Հալէպի ազատագրման առաջին տարին: 

Հալէպ, ինչպէս սուրիական տասնեակ քաղաքներ 2011-ի դէպքերէն ետք անցած էին ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան  տակ:

Սուրիոյ բանակը իր  դաշնակիցներուն օգնութեամբ յաջողեցաւ վերագրաւել այդ քաղաքները եւ հոնկէ դուրս շպրտել Սուրիան բարեկարգելու քօղին տակ պահուըտած եւ աշխարհի տարբեր անկիւններէն Սուրիա մէկտեղուած ահաբեկիչները: