image
Հրատապ լուրեր:

Փոքրիկն Լինան օգնութեան կարիք ունի

Փոքրիկն Լինան օգնութեան կարիք ունի

news. am.- 9-ամեայ փոքրիկ Լինան յայտնուած է առողջական բարդ դրութեան մը մէջ եւ կարիք ունի մեր  բոլորի օգնութեան: Լինայի գլխուն մէջ յայտնաբերուած է ուռուցք եւ անոր ընտանիքը ծախելով իրենց ունեցուածքը  դստեր հետ կը մեկնին Մոսկուա  համապատասխան  բուժում ստանալու համար:

Վիրաբուժութիւնը կ'անցնի յաջող եւ Լինան կ'անցընէ ապաքինման փուլ մը, որուն ընթացքին երեւելի կը դառնայ, որ այս անգամ նոր ուռ մը սկսած է դարձեալ աճիլ իր գլխուն մէջ: Եղած հետազօտութիւններուն արդիւնքով պարզ կը դառնայ, որ եղած ու նոր յայտնուած ուռերը բարորակ են ու ճիշդ բուժումներով կարելի պիտի ըլլայ փրկել  Լինային կեանքը:

Այս  պահուն ան կը գտնուի Մոսկուա եւ անոր ծնողները օգնութեան կոչով մը հանդէս գալով կը յուսան, որ վիրաբուժական միջամտութեան համար պիտանի գումարը հաւաքուի (6000 ամն տոլար), որպէսզի կարելի ըլլայ գործողութիւնը կատարել:

Լինային օգնել փափաքողընթերցողները կրնան այս լինքին շնորհիւ իրենց սրտաբուխ յատկացումները կատարել: