image

Haaretz.Ճակատագրական հեռախօսազանգը կանխեց Իրանի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմի բռնկումը

Haaretz.Ճակատագրական հեռախօսազանգը կանխեց Իրանի ու Իսրայէլի միջեւ պատերազմի բռնկումը

Իսրայէլեան «Հաարէթց» թերթին փոխանցմամբ, Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ ռազմական նոր գործողութիւններու կը պատրաստուէր, եթէ ճակատագրական համարուող հեռախօսազանգ չստանար ու ետ չկանգնէր իր որոշումէն:

Թերթը յայտնած է, թէ Ռուսիոյ նախագահ Փութին Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի հետ ունեցած հեռախօսային զրոյցի միջոցով վերջ տուած է Սուրիոյ մէջ Իսրայէլ-Իրան հակամարտութեան,

Դէպքերու ընթացքին հետեւելով թերթը ենթադրած է, որ Փութին Իրանի եւ Իսրայէլի համար ընդունելի տարբերակ առաջարկած է, կողմերուն միջեւ պայքարին վերջ տալու համար:

Թերթը նշած է նաեւ, որ սուրիական ռազմակայաններու թիրախաւորումը Իսրայէլի կողմէ Ռուսիոյ մօտ մտահոգութիւն առաջացուցած է, որովհետեւ վերջինս ռուս ռազմագէտներու գտնուած վայրերուն մօտակայ շրջաններ թիրախաւորած է:

Քրեմլինի տարածած յայտարարութեան համաձայն, հեռախօսազրոյցի ընթացքին Փութին Նաթանիահուին կոչ ուղղած է զերծ մնալ այնպիսի քայլերէ, որոնք յառաջիկային կրնան վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ տարածաշրջանին համար: