image

Եկեղեցական համագումարի մը ընթացքին ցուցադրուած են Սուրիոյ աւիրուած եկեղեցիներու նկարները

Եկեղեցական համագումարի մը ընթացքին ցուցադրուած են Սուրիոյ աւիրուած եկեղեցիներու նկարները

Վիեննայի մէջ անցնող երկուշաբթի օր կայացած եկեղեցական համագումարի ընթացքին ներկայացուած է Սուրիոյ մէջ աւիրուած եկեղեցիներու գրքոյկի առաջին հատորը: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Գրքոյկին մէջ աւիրման ենթարկուած 31 սուրիական եկեղեցիներու նուիրուած յօդուածներ են, պատերազմէն առաջ եւ ետք առնուած իրենց լուսանկարներով:

Յօդուածներուն մէջ մանրամասնօրէն պատմուած են այն հանգամանքներու մասին, որոնք պատճառ դարձած են իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կործանման: