image

Հալէպի մէջ հրդեհ. Վնասները նիւթական են

Հալէպի մէջ  հրդեհ. Վնասները  նիւթական   են

 Հալէպի  «Տուար ալ սալիհին»  շրջանին մէջ  հրդեհ մը ծագած  է: Այս  մասին տեղեկութիւնը տրուած է Հալէպի մասին տեղեկութիւններ տարածող դիմատետրի էջ մը:  Աղբիւրը նաեւ կը   գրէ, որ  հրդեհը ծագած է նշեալ շրջանին  մէջ  գործող  ելեքդրական  շարժակի մը  մէջ:

Հրդեհին հետեւանքով մարդկային տոյժեր չկան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան մարմիններ յաջողած են արագօրէն մարել հրդեհը:

 

Նշենք, որ Հալէպը  հարուածած արիւնալի պատերազմին հետեւանքով քաղաքին մէջ ընդունելի երեւոյթ դարձած «թաղային շարժակներ»ու միջոցաւ  քաղաքացիներուն ելեքդրական հոսանք տրամադրելը եւ շատ մը  պարագաներու  այդ շարժակները պետական մարմիններու հովանաւորութիւնը չեն վայելեր: