Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աուն յառաջիկայ շաբաթ պաշտօնական այցով Հայաստան պիտի այցելէ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Լիբանանի նախագահը բարձրաստիճան քննարկումներ պիտի ունենայ իր պաշտօնակից ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ եւ քննարկումներու գլխաւոր առանցքը պիտի ընդգրկէ երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ յարաբերութիւններն ու համագործակցութեան ամրացման կարելիութիւնները:Նշենք, որ Լիբանանի նախագահի պատուիրակութեան պիտի անդամակցին լիբանանահայ քաղաքական դէմքեր: