Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է անուանի մաշկաբան Յակոբ Կոթողեանը, որ յայտնի «Գոլսուզ ակոբ» անունով:
Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Պոլսոյ «Լոյս» պարբերկանի խմբագիր Արամ Քուրանէն:
79-ամեայ բժիշկը կը համարուէր Թուրքիոյ ամէնէն յայտնի եւ վաստակաւոր մաշկաբաններէն մին:
Պոլսոյ Սամաթաիա հայաշատ թաղամասին մէջ իր աչքերը բացած փոքրիկն Յակոբը կեանքի դժուարին պայմաններուն հետեւանքով ստիպուած եղած է աշխատիլ ու արկածի մը ենթարկուելով կորսնցուցած է իր թեւը:
Փրկուելէ մահէ եւ յայտնուելով կիսով չափ հաշմանդամ վիճակի մը մէջ Յակոբ ստիպուած կ'ըլլայ իր շրջապատէն հեռանալ եւ յաջողութեան հասնելու համար կ'ուսանի ու կը դառնայ բժիշկ: Տարիներ ան ան կը պաշտօնավարէ Սամաթիոյ «Ճէրահփաշա» հիւանդանոցին մէջ, որպէս գլխաւոր մաշկաբան, տեղ մը ուր բացած էր իր աչքերը:
Բազմաթիվ գիտական հոդվածների հեղինակ, միջազգային կոնֆերանսների մասնակից, պրոֆեսոր, դասախոս և վաստակավոր բժիշկ Հակոբ Կոթողյանը բազմաթիվ կյանքեր է փրկել միայն մեկ՝ ձախ ձեռքով։ Բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ եւ մաշկաբաններու տասնեակ միազգային սեմինարներու մասնակցութիւ բերած Յակոբ Կոթողեանը Թուրքիոյ մէջ ունեցած է մեծ հռչակ եւ յաջողած է նոյնիսկ մէկ ձեռք ունենալով փրկեալ տասնեակ հիւանդներու կեանքեր:
Թրքական «Սէօզճիւ» թերթը առիթով մը յատուկ նիւթ մը հրապարակելով կը գրէր-, որ հանրայայտ մաշկաբան Տոքթ. Յակոբ Կոթողեան այլեւս հիւանդ պիտի չխնամէ: Ըստ թերթին ան 2015-ին, որպէս բժիշկ եղած է Թուրքիոյ պետութեան ամենաբարձր տուրքը վճարող մարդը վճարելով ՝ 419 հազար լիրա: