image
Հրատապ լուրեր:

Դարձեալ ծանր իրավիճակ Դամասկոսի մէջ. Հրթիռներ ինկած են հայաբնակ շրջաններու վրայ

Դարձեալ  ծանր   իրավիճակ Դամասկոսի մէջ.    Հրթիռներ ինկած  են  հայաբնակ    շրջաններու   վրայ

Այսօր  Դամասկոսի հայաբնակ թաղամասերը   դարձեալ թիրախ դարձած են  ահաբեկչական   խմբաւորումներու  արձակած  հրթիռներուն: Այս  մասին     տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի    Դամասկոսի աղբիւրէն:

 Մեր աղբիւրը  նաեւ  հաղորդեց, որ     մասնաւորապէս հրթիռարձակումներու   թիրախ   դարձած  են     Ժարամանա  եւ Ալ Քասսահ    շրջանները , ուր    կ'ապրին կան պատկառելի թիւով հայորդիներ:  Հրթիռներ ինկած  են  յատկապէս Ալ Քասսահի  Դամասկոսի «Թէքէեան» ակումբին մօտ, ինչպէս նաեւ     նոյն շրջանի             Ֆրանսական հիւանդանոցին մօտ գտնուող    դամասկահայ      Տիգրան Աբգարեանի    ակնոցի վաճառատան    վրայ:

 Մեր աղբիւրը  նաեւ   յայտնեց,  որ    դէպքերուն   կիրակի  օր ըլլալուն հետեւանքով  շրջանը  եղած է ամայի, հետեւաբար    զոհեր կամ  վիրաւորներ  չեն  գրանցուած:  Խօսքը  յատկապէս    Աբգարեանի     ակնոցի  վաճառատան  մասին է, որ  եղած է   փակ:

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ հրթիռարձակումներուն հետեւանքով       հրթիռ  մը ինկած է Դամասկոսի   Միացեալ       վարժարանի       կառքին վրայ, ամբողջութեամբ անճանաչելի  դարձնելով   աշակերտներ  փոխադրող    մեքենան:

 

 

 Յիշեցնենք,  որ այս  հրթիռարձակումները  կը կատարուին    ահաբեկիչներու  տիրապետութեան  տակ  գտնուող  յատկապէս  Ղութա    շրջանէն,   ուր  մեծ թիւ կը  կազմեն «Ալ Նուսրա»   ճակատի  զինեալները: