image
Հրատապ լուրեր:

Մինչեւ որ Սուրիան իր ձեռքը չդնէ, Աֆրինը խաղաղ վիճակ մը պիտի չունենայ.Գէորգ Տէր Վարդանեան

Մինչեւ որ Սուրիան իր ձեռքը չդնէ, Աֆրինը խաղաղ վիճակ մը պիտի չունենայ.Գէորգ Տէր  Վարդանեան

Նախօրօք գրած էինք, թէ Աֆրինի մէջ գործող ձիթապտուղի եւ ձէթի կարգ մը գործարաններ պատկանած են հայերու, այդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար «Արեւելք» հարցազրոյց ունեցաւ հալէպահայ եւ ներկայիս Երեւան հաստատուած Գէորգ Տէր- Վարդանեանի հետ:

Տէր Վարդանեան, որ վերջին շրջանին հիմնած է  ձէթի գործարանը, մօտէն կը հետեւի Աֆրինի դէպքերուն,  յուսալով որ խնդիրները շուտով կը կարգաւորուին եւ ան ամէնէն յարմար առիթին կը մեկնի Աֆրին, մօտէն տեսնելու թէ ինչ իրավիճակի մէջ է իր գործարանն ու ձիթենիի այն պարտէզները, որոնց բերքերով ան տարեկան դրութեամբ կը յաջողէր արտադրել ամէնէն որակաւոր եւ նշանաւոր Աֆրինի ձէթը:

 

-Պրն. Տէր Վարդանեան, իմացանք, որ Աֆրինի հետ որոշակի կապ մը ունեցած էք, կ'ուզէինք այդ մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ:


-Ես ծնած եմ Հալէպ: 1960-ական թուականներուն ողորմած հայրս հողեր գնեց Աֆրինի մէջ, այդ ժամանակներէն ի վեր ալ մենք մշտական կապ մը ունեցած ենք այդ քաղաքին հետ, յաճախ այցելած ենք, յետոյ կարգի բերած ենք մեր հողերը եւ ամէն ամառ Հալէպի մեր հայրենակիցները, ազգականները մեր պարագաները Աֆրին կու գային եւ միասին լաւ ժամանակ կ'անցնէինք:

 

- Ինչպիսի՞  յարաբերութիւն կար Աֆրինի ժողովուրդին հետ, ի՞նչ տպաւորութիւններ ունիք:

 

-Կրնամ ըսել, որ բնականոն էին մեր յարաբերութիւնները, բոլորին հետ կը շփուէինք, հայերուն շատ կը յարգէին, մենք ալ այլոց գործերուն չէինք խառնուիր եւ մեր աշխատանքներուն ետեւն էինք:

 

-Իսկ բնակիչները ընդհանրապէս քիւրտե՞ր էին:

 

-Բնակիչներուն մեծ մասը քիւրտեր էին,  կային նաեւ եզիտիներ:

 

-Այսօր  ի՞նչ տեղեկութիւն ունիք Աֆրինի ընդհանուր վիճակի մասին:

 

-Մշտական կապի մէջ եմ անոնց հետ, որոնք այսօր տունս առած են. խօսքը անշուշտ կը վերաբերի քրտական YPG խմբաւորման մասին, որ տունս ամբողջութեամբ ակատեմիա-հիմնարկի վերածած է: 

 

-Իսկ ի՞նչ կը մտածէք այս վերջին դէպքերու մասին, յատկապէս խօսքը Թուրքիոյ շղթայազերծած «Ձիթենիի Ճիւղ» գործողութեան մասին է, ի՞նչ կ'ուզէք ըսել այդ մասին:

 

-Շիտակը ես կը սպասէի, որ օր մը օրանց թրքական ուժերը Աֆրին մտնեն, այսինքն այս դէպքերը որ այսօր կը կատարուին, սպասելի էին:

 

-Քիւրտերուն համար, որոնք հաստատուած են այդ հողերուն վրայ, այս մէկը սպասելի՞ չէր:

 

-Քիւրտերը կարծէք իրենց մտքին ծայրէն չէին անցընէր, որ Թուրքիան կրնայ Սուրիոյ սահմանը կտրել եւ յարձակում գործել իրենց վրայ, իրենց այս մօտեցումը կարծեմ շատ մեծ սխալ մը եղաւ իրենց համար:

 

-Պիտի ուզէինք, որ  պատմէք ձեր գործարանին մասին: Ե՞րբ հիմնեցիք այն, ի՞նչ պայմաններու տակ եւ ինչպէ՞ս էր աշխատանքի հունը:

 

-Ես գործարանը հիմնեցի 2006 թուականին եւ տակաւին 5 տարի չէր անցած, երբ դէպքերը սկսան ու այդ պատճառով ալ մենք լիարժէք կերպով չօգտուեցանք այդ գործարանէն: Իսկ եթէ գործարանին այսօրուայ վիճակին մասին պատմեմ, պիտի ըսեմ, որ գործարանը իր ամբողջական սարքերով լաւ վիճակի մէջ է, չէ քանդուած, չէ կողոպտուած եւ ամբողջ սարքերը կը շարունակեն մնալ գործարանին մէջ:

Անշուշտ մենք հիմնականին մէջ ձէթ կ'արտադրէինք եւ մեծ թիւով վաճառականներ Աֆրին գալով մեզմէ այդ ձէթը կը գնէին եւ կը վաճառէին ամբողջ՝ Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի մէջ:

 

- Յաճախ կը լսենք, որ Աֆրինը յայտնի է իր ձէթով եւ շատ բարձր որակի ձէթ կարտադրուի այդ քաղաքին մէջ, ի՞նչ է գաղտնիքը, այդ մասին կ'ուզենք լսել ձեզմէ:

 

-Աֆրինի ձէթը նշանաւոր է, որովհետեւ անոր ձիթենիները լաւ են եւ ձիթենիներէն արտադրուած ձիթապտուղը յարմար է, լաւորակ եւ առաջին կարգի ձէթ ստանալու համար: Աֆրինի մէջ ընդհանրապէս կ'արտադրուէր 2 տեսակի ձիթապտուղ, բայց յատկապէս «Քրտի» կոչուող ձիթապտուղը շատ աւելի նպատակայարմար էր ձէթ ստանալու համար: Կար նաեւ «Մըքալլաս» անունով ձիթապտուղը, որ աւելի ջրոտ էր եւ հետեւաբար նաեւ այդ ձիթապտուղէն արտադրուած ձէթը առաջնակարգ չէր: Լաւագոյն որակը «Քրտի» անունով ձիթապտուղէն էր եւ այդ քաղաքի ձէթի հռչակը տարածուած էր ոչ  միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

 

-Եթէ այս դէպքերը աւարտին, մտադի՞ր էք Աֆրին վերադառնալ:


-Ես ամիս մը առաջ մտադրած էի Աֆրին երթալ, բայց անշուշտ երբ դէպքերը սկսան՝ միտքս փոխեցի: Անշուշտ եթէ վիճակը բնականոն դառնայ, կը մտածեմ երթալ ունեցուածքիս տէր ըլլալու համար եւ տեսնելու՝ թէ ինչ վիճակ կը տիրէ Աֆրինի մէջ:

 

-Ձեր կարծիքով ինչպիսի՞ հանգուցալուծում կրնայ ունենալ այս բաւականին  բարդ կացութիւնը:

 

-Մինչեւ որ Սուրիան իր ձեռքը չդնէ, Աֆրինը խաղաղ վիճակ մը պիտի չունենայ եւ պատերազմը կրնայ երկար շարունակուիլ: Անշուշտ ասիկա իմ կարծիքս է, բայց իմ նման շատեր ալ նոյն ձեւով կը մտածեն, այն իմաստով, որ այնքան ատեն որ Սուրիոյ պետութիւնը չմիջամտէ այս խնդիրներուն ապա դէպքերը կրնան երկարիլ եւ շարունակուիլ երկար ժամանակ մը: Կը կարծեմ, որ անպայման, ամենամօտ միջոցին Սուրիոյ բանակը Աֆրին պիտի մտնէ: Անշուշտ ոչ ոք կրնայ գիտնալ թէ երբ կ'ըլլայ ատիկա եւ այդ որոշումը կապ ունի Աֆրինի մէջ ընթացող զարգացումներուն եւ յառաջիկայ օրերուն տեղի ունենալիք դէպքերուն հետ:

 

-Իսկ ինչպէ՞ս տրամադրուած էին շրջանի քիւրտերը հայերուն հանդէպ:

 

-Ընդհանրապէս լաւ յարաբերութիւններ էին, կը յարգէին մեզի: Ոչ միայն հայերուն այլ կրնամ ըսել, որ Աֆրինի քիւրտերը բոլորին հետ բնականոն յարաբերութիւններու մէջ էին: Անշուշտ ամէն ընտանիքի մէջ, ամէն տան մէջ մէը կ'ըլլայ որ ծայրայեղ ըլլայ կամ խնդիրներ յարուցէ, բայց մեծաւ մասամբ քիւրտերը հայերուն հետ խնդիրներ չեն ունեցած: Անշուշտ ես անձնական փորձառութիւնս է որ կ'ըսեմ եւ իմ պատմածս կը վերաբերի միայն Աֆրինին, այլ շրջաններու մասին կարծիք չեմ կրնար տալ, որովհետեւ չեմ գիտեր:

 

-Դարձեալ պիտի հարցնեմ. Կ'ըսուի, որ մեծ թիւով հալէպահայեր Աֆրին կու գային, մանաւանդ ամրան շրջանին, այդ մասին ի՞նչ կը պատմէք:

 

-Այն հայերը, որոնք Աֆրին կու գային, մեր մօտ կու գային, բաւական մեծ տարածութեամբ հողատարածք մը ունէինք եւ լաւ տուն մը կառուցած էինք. մեր ընկերները, բարեկամները, ծանօթները մեզ կայցելէին: Շատ մը հայեր Պասութա կ'երթային, որ Աֆրինի կից եւ ջուրով հարուստ տեղ մըն է: Այս էր ընդհանուր պատկերը, յետոյ եկողները կը շրջագայէին մինչեւ Մէյտանքի անունով յայտնի ջրամբարը, որ կառուցուած էր Աֆրինի պէտք եղած ջրային պաշարները ապահովելու համար:

 

-Վերջերս արաբական կարգ մը թերթերու մէջ լուր դարձաւ, թէ Թուրքիա մտադիր է այդ ջրամբարը հարուածել եւ ջրախեղդ ընել Աֆրինը. Ինչքանո՞վ իրատեսական է այդ ծրագիրը, արդեօք Թուրքիա կրնա՞յ այդ քալին դիմել:

 

-Իմ կարծիքով՝ ոչ, որովհետեւ եթէ Թուրքիա այդ քայլին դիմէ ապա ոչ միայն Աֆրինը եւ անոր գիւղերը, այլ նաեւ թրքական գիւղերէն եւ աւաններէն մաս մը նոյնպէս ջրաախեղդ պիտի ըլլայ, հետեւաբար իրատեսական չէ այդ խօսակցութիւնը եւ անշուշտ մաս կը կազմէ տեղեկատուական պատերազմին, որ զուգահեռ կերպով կ'ընդանայ  զինուորակա պատերազմի կողքին:

 

-Բաւական խօսեցանք ձիթենիի, ձէթի մշակման եւ ձիթապտուղի պատրաստման մասին, արդեօք այդ հնարաւորութիւնը կա՞յ Հայաստանի մէջ:

 

-Ես ալ մտածած եմ այդ մասին, բայց բաւական դժուար իրագործելի ծրագիր է, որովհետեւ նախ ձիթենիի ծառերը շատ ուշ արդիւնք կու տան, ծառատունկէն հազիւ 10 տարի ետք է, որ ցանկացած ձիթենիի ծառ արդիւնք տայ: Իմ ծառերս Աֆրինի մէջ 200 տարուան կեանք ունեցող ծառեր էին եւ ատոր համար է, որ մեր բերքը առատ կ'ըլլար, եւ ըսեմ որ ձիթենիի ծառը կրնայ մինչեւ 800 տարի ապրիլ: Ատոր համար է, որ կ'ըսեմ Հայաստանի մէջ ձիթենի պահելու եւ ձէթ արտադրելու գործը բաւական դժուար է եւ այդ կարելի է ընել երեւի միայն հայ-վրացական սահմանին վրայ, ուր կլիման աւելի բարեխառն է:

 

 

 Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի