image

Ռուս-թրքական գործարք. Աֆրինը Իտլիպի դիմաց

Ռուս-թրքական գործարք. Աֆրինը Իտլիպի դիմաց

«Թուրքիա կը փորձէ ստիպել Ռուսիոյ, որ հրաժարի Սուրիոյ մէջ իր կարեւոր դաշնակիցէն» խորագրով  յօդուած մը հրապարակած է Ռռուսական «Vzglyad» թերթին մէջ, որ կը պատմէ Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին շուրջ ռուս-թրքական մեծ գործարքի մը մասին:

Յօդուածին սկիզբը անդրադարձ կատարուած է այն մասին, թէ Թուրքիա եւ Ռուսիա կը պատրաստուին Աֆրին քաղաքին շուրջ մեծ գործարքի մը կնքման, նկատի ունենալով, որ այն Թուրքիոյ համար կարեւորագոյն քաղաքը կը համարուի, զոր կը ցանկայ գրաւել, մինչդեռ այն կը գտնուի Ռուսիոյ դաշնակից քիւրտերու տիրապետութեան տակ:

Յօդուածին համաձայն, կարծիքներ կան, թէ Ռուսիա նպատակ ունի քաղաքը յանձնել Անգարային, եւ անոր փոխարէնը ինչ որ բան ստանալ:

Աֆրինի մէջ տեղի ունեցող դէպքերը, ըստ թերթին, սերտօրէն կ'առնչուին Իտլիպի մէջ առկայ իրավիճակին հետ:

Ինչպէս յայտնի է, Իտլիպի մէջ քանի մը ահաբեկչական խմբաւորում պայքար կը մղէ Սուրիոյ բանակին դէմ, եւ քաղաքն ազատագրելու համար անհրաժեշտ է այդ խմբաւորումներու սպառազինումը դադրեցնել: Թերթին համոզմամբ, Թուրքիա հաւանութիւն տուած է չմիջամտել Իտլիպի դէպքերուն եւ թրքական ուժերը հեռացնել քաղաքի հարաւային շրջաններէն: