image

Աֆրինի «խաղ»ը. Ձիթենի՞ կամ բաժանման սկիզբ

Աֆրինի «խաղ»ը.  Ձիթենի՞ կամ բաժանման սկիզբ

Մինչ թրքական ուժեր կը շարունակեն զինուորական «Ձիթենիի ճիւղ» անունով իրենց գործողութիւնը, անցնող ժամերուն համացանցի վրայ տարածուիլ սկսաւ Աֆրին աւանին  մէջ ապրող քրիստոնեաներու «օգնութեան կոչ»ը:

 Քաղաքական առումով ալ, մինչ Սուրիոյ հանրապետութեան նախագան ու Իրան կը քննադատեն Անգարայի քայլերը, սակայն բացայայտ է, որ Թուրքիա իր այս քայլին համար յաջողած է շրջանային եւ միջազգային «կանաչ լոյս» մը ապահովել:

 Ու գաղտնիք չէ այլեւս, որ Սուրիոյ վերջին օրերու զարգացումները կը յուշեն, որ գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումները կը կատարուին ռուս-ամերիկեան հաւասարաչափ քայլերով:

Այսինքն մինչ երէկ Սուրիոյ բանակը իր տիրապետութեան տակ կ'առնէր ռազմավարական կարեւորութիւն ներկայացնող «Ապու ալ տուհուր» օդակայանը, անդին Թուրքիոյ բանակը կը պաշարէր Թուրքիա-Սուրիա սահմանին մերձ եղող Աֆրին  աւանը:

Իր կարգին Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով կը  յայտարարէր, որ Թուրքիան նպատակ դրած է, մինչեւ 30 քլմ. խորութեամբ ստեղծել «ապահովական գօտի» մը, այդպիսով իրականացնելով Էրտողանի եւ անոր վարչախումբին երկար ժամանակէ ի վեր հոլոված  «ապահովական գօտի» մը ստեղծելու իղձերը:

Բացայայտ է, որ այս բոլորին մէջ գլխւաոր տուժողները պիտի հանդիսանան այդ շրջանին մէջ ապրող քիւրտերը, որոնք վերջին ժամանակներուն կ'ապրէին ինքնավարութիւն մը կերտելու երազներով:

Ամէն պարագայի Սուրիոյ մէջ շարունակուող եւ եփուող այս «ճաշ»ին մասին  դեռ  վաղ է  վերջնական  վերլուծութիւն մը կատարել ու  յառաջիկայ  օրերուն է միայն, որ ամբողջական խաղին պատկերը աւելի յստակ պիտի դառնայ: