image

Սուրիա-Թուրքիա սահմանին 1000 քիւրտ զինեալ

Սուրիա-Թուրքիա սահմանին 1000 քիւրտ զինեալ

Սուրիա-Թուրքիա սահմանին կից գտնուող սուրիական Թէլ Ապիատ քաղաքին մէջ մօտ հազար քիւրտ զինեալ հաւաքուած է, կը գրէ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը:

Աղբիւրին համաձայն, Սուրիոյ Դեմոկրատական ուժերու քօղին տակ տարածք մուտք գործած են նաեւ ամերիկեան ռազմական սարքեր:

Տեղական աղբիւրներուն փոխանցմամբ, երկու օր շարունակ ամերիկեան ուժեր ուսումնասիրած են տարածքը, որմէ ետք տեղի ունեցած է մօտ հազար քիւրտ զինեալի տարածումը քաղաքին մէջ, որոնք 10 հետախուզական սահմանամերձ կէտերու վրայ դիրքեր գրաւած են:

Միւս կողմէ Քրտական ինքնապաշտպանութեան ուժերու պաշտօնական խօսնակը «Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցած է, թէ թրքական օդային ուժերու հարուածներուն հետեւանքով 6 քաղաքացի եւ 3 քիւրտ զինեալ զոհուած է, մինչդեռ 13 քաղաքացի վիրաւորուած է:

Իր հերթին Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած է, որ թրքական օդային ուժերն իրենց նպատակին հասած են, աւելցնելով, որ յառաջիկային Թուրքիա կը պատրաստուի նաեւ ցամաքային հարուածներու Աֆրինի մէջ:

Եըլտըրըմ շեշտած է, որ Թուրքիա ոչ թէ Աֆրինի քիւրտերը կը թիրախաւորէ, այլ նպատակ ունի փրկել իրենց եղբայրները ահաբեկիչներու անարդարութենէ: