image

Հայկական արմատներ ունեցող Ուալիտ Պըն Թալալ «փրկագին» պիտի վճարէ՞

Հայկական արմատներ ունեցող Ուալիտ Պըն Թալալ «փրկագին» պիտի վճարէ՞

Կաշառակերութեան կասկածանքով ձերբակալուած Ուալիտ Պըն Թալալը բանակցութիւններ կը վարէ իշխանութիւններու հետ՝  պահանջներու բաւարարման համար: Այս մասին կը հաղորդեն Reuters-ի աղբիւրները:

Գործակալութեան տուեալներով, Պըն Թալալ «նուիրատուութիւն» առաջարկած է Սէուտական Արաբիոյ, որու դիմաց անոր դէմ  մեղադրանք պիտի չառաջադրուի: Սակայն իշխանութիւնները, մասնաւորապէս երկրի գլխաւոր դատախազը, համաձայն չեն եղած այդ գումարին:

Պըն Թալալը եւ տասը այլ իշխաններ կալանաւորուած, ապա ձերբակալուած էին նոյեմբեր 2017-ին դրամի լուացման եւ լիազօրութիւններու չարաշահման մեղադրանքով:

Պըն Թալալ Սէուտական Արաբիոյ ամենահարուստ մարդոցմէ մէկն է, 14 յունուարի դրութեամբ՝ Bloomberg-ը անոր ունեցուածքը գնահատած է 17.7 միլիառ տոլար: Ան կը գլխաւորէ  Kingdom Holding Co-ն, որուն բաժնետոմսերը ձերբակալութենէն ետք  արժէզրկուած են, ինչի պատճառով ալ  Պըն Թալալի ունեցուածքը կրճատուած է 1,2 միլիառ տոլարով,իսկ մինչ ձերբակալութիւնը Bloomberg-ը գնահատած էր 19 միլիառ տոլար:

Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւնները մտադիր են կաշաառակերութեան մէջ կասկածուող  պաշտօնեաներէն եւ թագաւորական ընտանիքի անդամներէ առգրաւել 800 միլիառ տոլար: Ընդհանուր առմամբ,  այս արշաւի ծիրէն ներս ձերբակալուած են 60 էմիրներ  եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

Յիշեցնենք, որ Սէուտական Արաբիոյ գծով յայտնի մասնագէտ Ճոզէֆ Քէշիշեանի «Իշխանութիւնն ու իրաւայաջորդութիւնը արաբական մենապետութիւններուն մէջ» գիրքին մէջ յայտնած է Պըն Թալալի հայկական արմատներ ուենալու մասին:

Անոր համաձայն, Ուալիտ Պըն Թալալ ծնած է 1955-ին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ, Էմիր Թալալի եւ լիբանանցի Մոնա ալ Սոլհիի ընտանիքէն ներս: Անոր պապը` Սէուտական Արաբիոյ հիմնադիր եւ երկրի առաջին թագաւոր Ապտուլ Ազիզ Պըն Սաուտ արդէն հասուն տարիքին ամուսնացած է Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայ աղջկայ մը հետ՝ Մունաիր անունով:

Մունաիր 12 տարեկանին ներկայացուած է Պըն Սաուտին, իսկ յետագային դարձած է անոր սիրելի կինը եւ 2 որդի պարգեւած է անոր՝ Թալալին եւ Նաուաֆին: