Սուրիոյ Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Դամասկոսի արուարձանի «Ալ Ասատ» շրջանի դպրոցները պիտի փակուին, այնտեղ տիրող անվտանգութեան բացակայութեան պատճառով, կը գրէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:
Սոյն որոշումը կայացուած է այն բանէն ետք, երբ ահաբեկչական խմբաւորումներու ենթակայ Հարասթա շրջանէն արձակուած հրթիռներուն հետեւանքով 6 անձ զոհուած եւ 25 անձ վիրաւորուած է:
Նշուած է, որ նոյն շրջանի դպրոցները անվտանգութեան նկատառումներով, անցեալ կիրակի եւ երկուշաբթի նոյնպէս փակուած եւ կիսամեայ քննութիւնները յետաձգուած էին: