image

Տիեզերքի մէջ օտարականնե՞ր. «Infographic»

Տիեզերքի մէջ օտարականնե՞ր. «Infographic»

Գիտնականները երկու երկնաքարերու վրայ ջուր եւ օրկանական միացութիւններ բացայայտած են, որ ամենայն հաւանականութեամբ 4,5 միլիառ տարուայ են, այսինքն՝ մօտաւորապէս Երկիր մոլորակի գոյացութեան սկիզբէն: Այսպիսով, տիեզերքի մէջ կեանքի ու այլմոլորակայիններու գոյութեան մասին պրպտումները նոր ուղղութիւն կը ստանան:

«Sky News» լրատուական ցանցին փոխանցմամբ, գիտնականները 20 տարի առաջ Երկիր մոլորակի վրայ ինկած երկու երկնաքարերու ժայռերն ուսումնասիրելով պարզած են կեանքի հիմնական բաղադրիչներ բացայայտած են, եւ հակառակ անոր, որ նման բացայայտում կտրուկ կերպով չի հաստատեր անոնց վրայ կեանք եղած ըլլալու հանգամանքը, սակայն կ'ակնարկէ որեւէ այլ վայրի մէջ կեանք գոյութիւն ունեցած ըլլալու հաւանականութեան: