image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ օրերուն թէժ ու վտանգաւոր մարտեր կը սպասուին

Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ օրերուն թէժ ու վտանգաւոր մարտեր կը սպասուին

Սուրիոյ նախագահ Ասատ վճռակամօրէն յայտարարած է Արեւելեան Ղութան ազատագրելու մտադրութեան մասին, կը գրէ «Ալ Տիար»ը:

Աղբիւրին փոխանցմամբ, ներկայիս 18 ահաբեկչական խմբաւորում կը տիրէ Արեւելեան Ղութային, որոնք ամբողջութեամբ կը թալանեն բնակիչներուն ուղարկուած սննդամթերքն ու դեղորայքը:

Տեղի ունեցող խառնակութեան վերջ տալու նպատակով նախագահ Ասատ հրաման արձակած է Արեւելեան Ղութայի մէջ վճռական պատերազմ մղել ու ազատագրել տարածքը:

Նախքան թէժ պայքարի մեկնարկը, Սուրիոյ բանակը Արեւելեան Ղութա մտնելով դուրս պիտի բերէ այնտեղ բնակող 325 հազար քաղաքացիները, ինչպէս նաեւ թռուցիկներու մոջոցով կոչ ուղղած է զինեալներուն լքել իրենց զէնքերն ու դուրս գալ այնտեղէն: