«Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ Զարուհի Փոսթանճեան երէկ Անթիլիաս այցելելով ընդունուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ:
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պաշտօնական կայքին կողմէ, որ նաեւ գրած է , թէ Փոսթանճեան Վեհափառ Հայրապետին հետ քննարկած է Հայաստանի ընդհանուր իրավիճակն ու այդ առումով իր ունեցած մտահոգութիւնները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կայքը սովորաբար նման հանդիպումներու համար կը հրապարակէ հիւրին Վեհափառ Տէրոջ հետ քաշուած պատկերը, բայց այս պարագային այդ մէկը չէ կատարուած:
Իր ծայրայեղ եւ ոչ շինիչ կեցուածքներով յայտնի Փոսթանճեան առաջին անգամն է, որ կ'այցելէ Անթիլիաս եւ կ'ընդունուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին կողմէ: