image

Հայաստանի մէջ ահաբեկչութիւն կանխուած է. Diar թերթի անդրադարձը

Հայաստանի մէջ  ահաբեկչութիւն կանխուած է. Diar թերթի անդրադարձը

ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտնած է, որ երէկ, հինգշաբթի, անվտանգութեան ուժերը վտանգաւոր ահաբեկչական գործողութեան մը նախապատրաստումը խափանած են, եւ հետախուզուողներու ցուցակին մէջ ընդգրկուած է ամերիկահայ  կասկածեալ  մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Ծառայութեան հրապատակած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ըստ սոյն թուականի սեպտեմբերին ձեռք բերուած տուեալներուն, ամերիկահայու մը կողմէ ստեղծուած ֆէյսպուքեան կեղծ հաշիւի միջոցով յայտարարուած է «Պայքար յանուն արդարութեան» ահաբեկչական խմբաւորման ստեղծման, ինչպէս նաեւ անոր նպատակներուն, յառաջիկայ գործունէութեան ու հեռանկարներուն մասին:

Միաժամանակ կոչեր ուղղուած են ՀՀ անվտանգութեան մարմիններու դէմ բռնութիւն ու ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելու, ինչպէս նաեւ պայթումներու եւ հրդեհներու միջոցով սարսափի ալիք ստեղծելու երկրին մէջ:

Յայտարարութեան աւարտին նշուած է, որ ահաբեկչական խմբաւորման կազմակերպիչ ամերիկահայը ներկայիս ԱՄՆ կը բնակի, ու անոր բնակութեան վայրը յստակեցուած է,  անոր տուեալները յանձնուած են ԱՄՆ իշխանութիւններուն, որպէսզի վերջիններս կանխեն նախապատրաստուած ահաբեկչական գործողութիւններու իրագործումը: