image

World Vision-ին կողմէ յատուկ պարգեւ Երեւան հաստատուած Նորմա Պապայեանին (Լուսանկար)

World Vision-ին  կողմէ յատուկ  պարգեւ Երեւան հաստատուած Նորմա Պապայեանին (Լուսանկար)

12 դետեմբերին, Աբովեան 12 հասցէի վրայ գտնուող «ԴԱԼԱՆ» ցուցասրահէն ներս տեղի ունեցած է «Կեանքի 12 պատմութիւններ» խորագրով ցուցահանդէսը: 12 կտաւներուն միջոցաւ ներկայացուցած էին սուրիահայ 12 կիներու կեանքի պատմութիւններ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ  ցուցահանդէսի կազմակերպիչներէն:  

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Սուրիահայերու տառապանքները ներկայացնող կտաւներուն մէջ առաջին դիրքը գրաւած է հայուհի Նորմա  Պապայեանին  նուիրուած գեղանկարը եւ  այս  առթիւ  յատուկ պարգեւ մը    տրամադրուած է անոր: 

Կտաւներու հեղինակները երիտասարդ նկարիչներ են:

 


Ցուցահանդէսը նախաձեռնած է «Երիտասարդներ յանուն զարգացման» հիմնադրամը: Միջոցառումը կազմակերպուած է ԱՄՆ դեսպանատան, «Ուորլտ Վիժըն» կազմակերպութեան եւ «Առաքելութիւն Հայաստան» բարեգործական հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ: 

Նշենք, որ Նորմա Պարսումեան Սուրիոյ պատերազմական վիճակէն փրկուելու նպատակով անցած էր Լիբանան, ուրկէ կոչ ըրած էր «Արեւելք»ին, յայտնելով Հայաստան տեղափոխուելու իր  փափաքի մասին, եւ «Արեւելք» իր հերթին կապ հաստատած էր Նորմայի եւ  անհատ   բարերարներու  միջեւ իրականացնելու համար հալէպահայ ընտանիքի մը Երեւան մշտական կեցութիւն հաստատելու փափաքը: