image

Պէյրութ. Վառուած են ամանորեայ ծառին լոյսերը (Տեսանիւթ)

Պէյրութ.  Վառուած են  ամանորեայ ծառին  լոյսերը (Տեսանիւթ)

  Լիբանանի  մայրաքաղաք Պէյրութը    երէկ տօնական զգեստ հագուելով  կը պատրաստուի  դիմաւորելու ամանորը: Այս մասին    կը գրէ  «Ալ Ժումհուրիյա»   պարբերկանը   նշելով, որ  մայրաքաղաքի   կարգ մը երեսփոխաններուն եւ քաղաքապետութեան խորհուրդի   անդամներուն  ներկայութեամբ   վառուած են    «Նահատակաց» հրապարակին  վրայ տեղադրուած   տօնածառին լոյսերը:

 Այս  առթիւ   հակիրճ  խօսք մը արտասնելով  Պէյրութի  երեսփոխան Մոհամմէտ Քապպանի  հակիրճ խօսք մը արտասանելով      նղեց, թէ «Ուրախութեամբ կ'ուզեմ յայտարարել,  որ  այս  տարի  մայրաքաղաքը  լուսաւորելու համար մենք կարիքը պիտի չունենանք   ելեքդրական շարժակներու եւ     շնորհիւ նախօրօք   պատրաստուած  ծրագրին    պիտի   օգտուինք    ելաքդրական        պետական ընկերութեան ծառայութիւններէն»:Յիշեցնենք, որ    անցնող տարիներուն աւանդութիւն    դարձած է, որ լիբանանցիք        ամանօրը դիմաւորեն  Պէյրութի   գլխաւոր «Նահատակաց»  հրապարակին վրայ, ուր անոնց կը միանան     տարբեր հանգամանքներու բերումով   Լիբանան      գտնուող  օտարերկրացիները: