Այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ հարիւրաւոր ցուցարարներ ուղղած են Պէյրութի արուարձան համարուող Աուքարի շրջան, ուր կը գտնուի Միացեալ Նահանգներու Պէյրութի դեսպանատունը: Այս մասին տեղեկութիւնը տուաւ «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանը, որ նաեւ հաղորդեց, թէ քիչ առաջ բողոքարարները բախումներ ունեցած են շրջանի ապահովութիւնը ստանձնած Լիբանանի ապահովական մարմիններուն հետ:
Մինչ ցուցարարները դեսպանատան ուղղութեամբ քարեր կը նետեն, անդին ապահովական մարմիններ կը փորձեն ցուցարարները հեռացնել դեսպանատան շրջապատէն:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ ցուցարարները անիւներ եւ աղբի սայլակներ կ'այրեն , իսկ անվտանգութեան մարմիններ արցունքաբեր կազի «ռումբեր» կը նետեն բողոքարարներուն վրայ:
Յիշեցնենք, որ Պէյրութի մէջ ընթացող բողոքի ցոյցերը կապ ունին ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի օրեր առաջ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու յայտարարութեան հետ: