image
Հրատապ լուրեր:

Լիբանանցիներու կեանքը վտանգուած. Ի՞նչ է PM10-ը. «Al Monitor»

Լիբանանցիներու կեանքը  վտանգուած. Ի՞նչ է PM10-ը. «Al Monitor»

Լիբանանի մէջ  վերջին երկու տարիներուն առաջացծ աղբանահութեան հարցը առողջապահական լուրջ  վտանգ կը հանդիսանայ  քաղաքացիներուն համար: Այս մասին  գրած  է «AL Monitor» կայքը  նշելով, որ  կուտակուած  աղբերէն բարձրացող թոյները պատճառ կը դառնայ  թիւով քաղաքացիներու մահուան, ինչպէս նաեւ հիւանդութիւններու բազմացման եւ յատկապէս թոքերու քաղցկեղով տառապողներու թիւին աճին:

Կայքը նշած է, որ աղբի հոտը դէպի Լիբանան կը վերադառնայ այն բանէն ետք, երբ 2016 թուականի մարտին կառավարութիւնը աղբահանութեան խնդիրը լուծելու որոշում կայացուց, իսկ սխալ գործելաոճի հետեւանքները ընդհանուր առողջապահական իրավիճակին վրայ իրենց բացասական ու երկարատեւ ազդեցութիւնը պիտի ունենան:

Ըստ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակի աշխատակից Պասսամ Խաուաճայի. «Աղբահանութեան խնդիրը Լիբանանի մէջ ծայր առաւ 2015 թուականին, սակայն Լիբանանի մէջ մօտ 150 աղբահանման կէտ գոյութիւն ունի»:

Ըստ համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան, Լիբանանի մէջ օդի  ապականուածութիւնը  երեք անգամով կը գերազանցէ միջազգային անվտանգութեան չափանիշները, բան մը, որ պատճառ կը դառնայ տարեկան 1500 անձի մահուան:

Ըստ կայքին ձեռք բերած տուեալներուն, աղբը ոչ ուսումնասիրուած կերպով բնակավայրերուն մէջ վառելու հետեւանքով արտանետուած PM10 թունաւոր մասնիկները կրնան մուտք գործել թոքեր, հասնիլ արեան, պատճառ դառնալ սրտի հիւանդութիւններու, թոքերու քաղցկեղի, սակայն կառավարութիւնը բաւարար միջոցներ ու փորձառու անձեր չունի, որպէսզի քննարկէ նման վտանգէն խուսափելու մեթոտները: