image

Թրամբ երկու միլիառ իսլամի դէմ յանդիման պիտի կանգնի. Աքսայի իմամ

Թրամբ երկու միլիառ իսլամի դէմ յանդիման պիտի կանգնի. Աքսայի իմամ

Ալ Աքսա մզկիթի իմամ եւ քարոզիչ շէյխ Եուսէֆ Ճումաա յայտարարած է, որ Թրամբի որոշումը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ գտնուող երկու միլիառ իսլամի ընդվզման պատճառ պիտի դառնայ, որովհետեւ Երուսաղէմի հարցը ոչ միայն Պաղեստինին կը վերաբերի, այլ ամբողջ արաբական ու իսլամական աշխարհին:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին շէյխ Ճումաա ըսած է. «Մեր յստակ կեցուածքը լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած լուրերուն շուրջ՝ դեսպանութիւնը Երուսաղէմ տեղափոխելու եւ այն որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու ԱՄՆ նախագահի մտադրութեան մասին այն է, որ Երուսաղէմ Պաղեստինի անբաժան մասն է, եւ այն Արեւելքէն մինչեւ  Արեւմուտք բոլոր իսլամներուն համար կարմիր գիծ կը ներկայացնէ, որովհետեւ Պաղեստինն առանց Երուսաղէմի, ինչպէս եւ Երուսաղէմն առանց Աքսայի արժէք չունի»:

Շէյխ Ճումաա Թրամբի որոշումը «անմտութիւն» որակելով շեշտած է, որ ան արաբներու եւ իսլամներու համար առանցքային խնդիր հանդիսացող հարցի պարագայիմ կը փորձէ կրակի հետ խաղալ, եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելով տարածաշրջանին մէջ կրօնական անհանդուրժողականութեան ալիք կը ստեղծէ: