image
Հրատապ լուրեր:

Թրամբ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցաւ.Շիկացած մթնոլորտ կը սպասուի

Թրամբ  Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցաւ.Շիկացած  մթնոլորտ կը սպասուի

 ԱՄՆ  նախագահ Տանըլտ Թրամբ   քիչ առաջ  Սպիտակ  Տան մէջ     խօսելով    Երուսաղէմը,   որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք   ճանչցաւ:

 ԱՄՆ նախագահը  նաեւ  ըսաւ, որ իր  այս ճանաչումը   իրականութեան արտացոլացումն է եւ  հաստատեց, որ իր տուած  որոշումը   «բաւական  ուշացած որոշում էր»:Թրամբ նաեւ   յայտնեց, որ  ինք կարեւոր ցուցմունքները տուած է  Իսրայէլի ԱՄՆ-ի մօտ դեսպանատունը Թէլ Աւիւէն  Երուսաղէմ  փոխադրել:

     Նշենք, որ  եւրոպական  շարք մը երկիրներ, որոնց շարքին   Ֆրանսա  դէմ են   ԱՄՆ նախագահի     այս քայլին  զայն համարելով պայթունավտանգ որոշում մը: