image
Հրատապ լուրեր:

«Միակ խնդրանքս է, որ տղաս ողջ եւ առողջ տուն վերադառնայ». Տէր Զօրի մէջ ծառայող զինուորի մայր

«Միակ  խնդրանքս  է, որ տղաս   ողջ եւ առողջ տուն վերադառնայ». Տէր Զօրի մէջ ծառայող զինուորի մայր

 Մարի-Ռոզ Եաղլըճեանի որդին Ներսէս Եաղլըճեանը ցայսօր կը շարունակէ իր զինուորական ծառայութիւնը շարունակել Տր Զօրի մէջ:  Սուրիոյ բանակին արձանագրած յաղթանակէն  ու Տէր Զօրի ազատագրումէն  ետք, տիկին  Մարին մեծ  ուրախութիւն մը ապրելով  Երեւանէն մեկնեցաւ Հալէպ բաւական երկար ժամանակէ ետք առաջին  անգամ տեսնելու համար իր զինուոր  որդին:

 Այս  հանդիպման եւ  Ներսէսին  հետ իր ունեցած ապրումներուն, Տէր Զօրի ընդհանուր իրավիճակին մասին «Արեւելք» կարճ զրոյց մ'ունեցաւ   Տիկին Մարինն հետ, որն  իր շահեկանութեան համար կը հրապարակենք ստորեւ ՝

 

Տիկին Եաղլըճեան քանի՞ տարի է, որ ձեր տղան՝ Ներսէսը զինուորական ծառայութիւն կը մատուցէ Սուրիոյ բանակին մէջ եւ որքա՞ն ժամանակէ ի վեր չէիք տեսած զինքը:

 Ներսէսս երկար ժամանակէ  ի վեր կը ծառայէ Սուրիոյ բանակին մէջ: Անոր ծառայութեան  ութ տարի  եղաւ, իսկ վերջին  երեք տարիներուն ալ չէի  տեսած զինք:Հալէպի դէպքերուն թէժացումէն ասդին մենք Հայրենիք տեղափոխուեցանք:

-  Երբ եւ  Ինչպէս որոշեցիք Հալէպ երթալ:

 Ինչպէս  գիտէք Տէր Զօրը ազատագրուեցաւ  եւ անշուշտ մենք միշտ կապի մէջ էինք Ներսէսի հետ ու ինք ըսաւ, թէ յոյս կայ որ արձակուրդ ստանայ, սակայն երբ՝ ճշգրիտ չէր գիտեր:

Այս լուրէն տասը օր ետք, առաւօտ մը արթննցայ եւ կարծես մայրական ինչ որ նախազգացում  մը  ըսաւ ինծի, որ պէտք է Հալէպ  մեկնիմ: Օրը հինգաբթի էր: Տնեցիներուն ըսի, որ կ'ուզեմ Հալէպ երթալ: Եւ նոյն օրն իսկ երկու տոմս ապահովեցինք յաջորդ շաբթուան համար, որովհետեւ Երեւանէն Սուրիա մեկնող օդանաւը շաբաթը մէկ այն  ալ հինգշաբթի օրերը թռիչք կը կատարէր: Մեր թռիչքէն շաբաթ մը  ետք, լուր ստացայ  Ներսէսէն , որ ինք արդէն Հոմս հասած է: Խանասէրի ճամբան անապահով չըլլալուն պատճառով չէր կրցած Հալէպ հասնիլ ու  խումբ մը զինուորներով  գիշերած էին Հոմսի  մէջ :

Երբ Հալէպ հասանք արդէն ինք ալ  հասած էր: Հալէպ տասնհինգ օր մնացինք, որովհետեւ տղուս արտօնութիւնը միայն այդքան էր:

- Ներկայիս ո՞ւր է Ներսէսը:

Ան կրկին վերադարձաւ Տէր Զօր, սակայն յոյս կայ, որ երեք ամիս անգամ մը՝ գոնէ վեց օրով արձակուրդ ստանայ:

- Ի՞նչ պատմեց ձեզի, ի՞նչ է ներկայիս վիճակը:

Ըսաւ, թէ արդէն ազատագրուած   Տէր Զօրը եւ կեանքը սկսած է իր սովորական հունին մէջ մտնել, հակառակ որ ելեկտրականութիւն եւ ջուր չկար տակաւին այդ օրերուն:Ապահովական վիճակը կայուն է եւ աստիճանաբար սկսած է խաղաղութիւնը վերականգնուիլ: Սնունդի մատակարարումը աւելի  հեշտ  դարձած է, որովետեւ այդ առումով ալ շատ դժուար օրեր ապրած էին: Այսինքն ներկայիս վիճակը շատ աւելի բարելաւուած է:

Սակայն ճանապարհները, ապահովական առումով, տակաւին անկայուն են: Տղաս ցամաքի ճամբով Հալէպ հասաւ, բայց վերադարձին ճանապարհը փակ էր եւ պատկերացուցէք, որ Տէր  Զօր    գնաց  Դամասկոսէն օդանաւով:  

- Իսկ պատերազմի մասին:

Ինչ որ  լսած- տեսած ենք  հեռատեսիլէն: Ինչպէս ըսի սնունդի դժուարութիւն ունեցած են, օրեր ապրած են գրեթէ առանց սնունդի եւ երբ տեսայ զինքը շատ յոգնած, շատ նիհարցած էր, նոյնիսկ առաջին քանի մը օրերը, չէր կրնար ուտել:

Վատ օրեր ապրած են, մանաւանդ վերջին շրջանին: Քանի անգամ մահէ փրկուած է: Այնպիսի արհաւիրքներ ապրած են, որոնց նկարագրումը անկարելի է...  իրմէ երեք  մեթր հեռաւորութեան վրայ հրթիռ ինկած է եւ իր ընկերը, որ այդ պահին պահակ էր՝ մահացած է: Իսկ ինք մազապուրծ փրկուած է մահէն:

Ի'նչ պատմեմ, որ պատմեմ... դաժան ու ահռելի օրեր ապրեցան մեր զաւակները: Ինչ որ մենք կ'երեւակայենք, կը պատկերացնենք քիչ  է... Մենք շատ զոհեր տուինք, շատ կորուստներ ունեցանք, իսկ մնացեալը Աստուծոյ հրաշքով փրկուեցան: Միշտ կ'աղօթէի, միտ կ'ապաւինէի Աստուծոյ եւ կ'ըսէի, որ ինչպէս Գրիգոր Լուսաւորիչ խոր վիրապէն ելաւ, նոյնպէս ալ մեր հայ զինուորները, բոլորը անխտիր, դառնան իրենց տուները ողջ եւ առողջ:  

- Ներկայիս Տէր Զօրի մէջ քանի՞ հայ  զինծառայողներ կան

Չորս հայեր կան՝ Գօգօ, Ճորճ, Դրօ եւ իմ տղաս, Դրօն եւ Գօգօն իրենց զինուորական ծառայութիւնը կատարած են, սակայն կրկին զինուորագրուած են պատերազմին  հետեւանքով:

Իմ տղաս ալ աւարտած է իր ծառայութիւնը եւ ազատ պիտի արձակուէր, սակայն վրայ հասաւ խնդիրները եւ այսպէս երկարաձգուեցաւ իր ծառայութիւնը, ինչպէս շատեր:

- Ի՞նչ կ'ըսեն. Ե՞րբ ազատ պիտի արձակուի:

Այս նիւթին շուրջ ոչ մէկ խօսք կայ, մէկը չի գիտեր: Ըստ տարաձայնութիւններու այս տարի ազատ կրնան արձակուիլ այն  զինուորները,  որոնք  5  տարիէի ի վեր ծառայութիւն մատուցած են, սակայն այս բոլորը ցարդ միայն խօսակցութիւններ են... ստոյգ եւ պաշտօնական որոշում մը չկայ մինչեւ օրս:Ես երեք տարի ետք տեսայ իմ տղաս, սակայն չէի գիտեր ուրախանամ թէ տխրիմ... շատ յուզուած էի, որովհետեւ կրկին պիտի բաժնուէի: Այդ կարօտը, այդ մտահոգութիւնը, որ ամէն օր, ամէն ժամ, ամէն վարկեան կ'ապրիմ՝ բացատրելը անհնար է, միայն մայր մը կրնայ զգալ...

Եւ պէտք էր  ուժեղ  գտնուէի եւ իրեն   յոյս   տայի: Այդ  մէկը շատ դժուար է մօր մը համար՝ ութ տարի հեռու ապրիլ զաւակէն՝ առաւել եւս գիտնալ, որ ան կը գտնուի պատերազմական թէժ գիծի վրայ...

-  Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ մասին ի՞նչ տեղեկութիւններ հաղորդեց ձեզի, անձամբ կրցա՞ծ է  եկեղեցին  տեսնել:

 

Այո, ինք անձամբ տեսած է եւ նոյնիսկ ներս մտած է: Ան ըսաւ, թէ աւերակ դարձած է, քարուքանդ վիճակի մէջ է եկեղեցին:

Եկեղեցւոյ քանդուած օրը իր  իսլամ  զինակից- ընկերներէն մին փլատակներուն  տակէն խաչ մը գտած եւ յանձնած է տղուս, որ մինչեւ այսօր իր բարձին տակ կը պահէ:

- Ներկայիս ի՞նչ է Հալէպի վիճակը, ի՞նչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել մեր ընթերցողներուն:

Բաղդատատած անցնող պատերազմական վատ օրերուն, Հալէպի  մէջ  վիճակը  շատ լաւ է: Քաղաքը սկսած է աշխուժանալ, շրջան առ շրջան խանութները սկսած են բացուիլ, նոյնիսկ կտորի վաճառակներու շուկան բացուած էր, որ պատերազմական տարիներուն փակ էր, ելեկտրականութիւնը եւ ջուրը աւելի բարւոք վիճակի մէջ են, խաղաղութիւնը համեմատաբար վերականգնուած է եւ հոն մնացող ժողովուրդի կեանքը սկսած է համեմատաբար բարելաւուիլ:

- Դուք կը վերադառնա՞ք Հալէպ եւ կը բնակի՞ք այդտեղ:

Ես այնքան տանջուեցայ պատերազմի շրջանին տղուս զինուորութեան պատճառով, որ ալ երբեք վերադառնալու մասին չեմ մտածեր: Սակայն պատերազմի շրջանին անոնք, որոնք չլքեցին Հալէպը եւ շատ վատ օրեր ապրեցան՝ այսօր անոնց համար շատ լաւ է վիճակը եւ կը փորձեն բնականոն հունի մէջ դնել իրենց կեանքը: Անոնց փափաքն է նաեւ, որ բոլոր հայերը  վերադառնան իրենց տուները: Սակայն ես այդպէս չեմ մտածեր: Իմ կարծիքովս հայերը եւ նոյնիսկ ողջ քրիստոնէութիւնը ապագայ չունի այլեւս այդ երկրին մէջ... հոն կեանքը մեզի համար վերջացաւ:

Մենք կը մտածենք, մնալ եւ մեր կեանքը այստեղ՝ Երեւանի մէջ շարունակել, սակայն առաջին ու միակ խնդրանքս է Աստուծմէ, որ իմ տղաս վերադառնայ ողջ եւ առողջ...

 

  Հարցազրոյցը ՝ «Արեւելք»ի

 

 Յ.Գ. Ինչպէս մեր ընթերցողները պիտի  նկատեն, յարգելի պատճառներով մեզի չյաջողուեցաւ տիկին Մարիին կամ անոր որդւոյն՝ Ներսէսի լուսանկարները հրապարակել: Այդ մէկը անշուշտ եղաւ  Տիկին Մարիի  խնդրանքով:

Յարգանքով ընդունեցինք հայ մօր  փափաքը: