image

Հալէպի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՍԴՀԿ 130-ամեակը (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ ՍԴՀԿ  130-ամեակը (Լուսանկարներ)

Հալէպի մէջ   հանդիսաւոր կերպով    նշուած է  է Ս.Դ.Հ.Կ. 130-ամեակը: Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:  Մեր  աղբիւրին փոխանցմամբ միջոցառումներու մեկնարկը սկսած է  կիրակի  26  նոյեմբերի առաւօտեան, Հալէպի  Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղադրուած 20 կախաղաններու յուշակաթողի այցելութեամբ,  ուր յարգանքի տուրք մատուցուած եւ ծաղկեպսակներ զետեղուած են կուսակցութեան եւ անոր ենթակայ բոլոր միութիւններու անունով:

 

 


Այնուհետեւ, Կէսօրէ ետք, Հալէպի «Գէորգ Եսայեան» սրահէն ներս  տեղի  ունեցած է Ս.Դ.Հ.Կ.-ի 130 Ամեակի  պաշտօնական արարողութիւնը, որուն ներկայ գտնուած է երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեանը,  ՀՅԴ-ի եւ ՌԱԿ-ի ներկայացուցիչները, միւս կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչները: 700 հոգիներ պարփակող սրահը ամբողջութեամբ լեցուն եղած է:

 

 

Կուսակցութեան խօսքը կարդացած է «Տխրունի» ուսանողական երիտասարդական միութեան անդամ Սիրան Զգուշեանը: Ան իր խօսքին մէջ ժողովուրդին յիշեցուցած է  կուսակցութեան նպատակները, որոնք ինչպէս անցեալին , այսօր  եւ ապագային ալ կը մնան նոյնը: Ընդգծելով  այն միտքը, որ՝ Սուրիոյ, մասնաւորապէս Հալէպի մէջ պատերազմի դժուար տարիներուն կուսակցութիւնը  միշտ մնաց     պատնէշի վրայ եւ  իր բոլոր  կարեի միջոցներով ու կառոյցներով ՝«Կիլիկեան»  վարժարանով, «Նոր Սերունդ» մշակութային միութիւնով , ՀՄՄ –ով ,  փորձեց  օգնութեան ձեռք երկարել վիրաւոր սուրիահայութեան:

 


Արաբերէն բացման խօսքը կատարած է  «Տխրունի»ի վարչական անդամներէն Գօգօ Աղայեան:

Այնուհետեւ, սահիկներու միջոցաւ ներկայացուցած է  Ս.Դ.Հ.Կ.ի ամփոփ պատմութիւնը ներկայացնող 20 վայրկեաննոց տեսանիւթ մը, որուն աւարտին հաստատուած է այն միտքը, որ կուսակցութիւնը միշտ հաւատացած է հայ ազգի միասնականութեան եւ Հայաստանի ամբողջականութեան ու յանուն այդ գաղափարի իրագործման՝ մշտապէս թիկունք կանգնած է Հայաստանին:

 


Ձեռնարկներուն մաս կազմած են նաեւ ՀՄՄ-ի փողերախումբն ու սկաուտութիւնը: Մօտ մէկ ու կէս ժամնոց գեղարուեստական  յայտագիրէն վերջ,  տեղի ունեցած  պարահանդէս   ՝Քուրթուպա ճաշարանէն ներս: Պարահանդէսը եղած է միայն կուսակցականներու համար:

Հալէպահայ երգիչ Յակոբ Այնթէպլեան յեղափոխական եւ ազգային երգերով ճոխացուցած է մթնոլորտը: