image
Հրատապ լուրեր:

Հրթիռներ Դամասկոսի վրայ. Զոհերուն մէջ կան երկու «Ճուտո»ի մարզիկներ

Հրթիռներ  Դամասկոսի վրայ. Զոհերուն  մէջ կան    երկու  «Ճուտո»ի մարզիկներ

     Հրթիռներ  ինկած են  Դամասկոսի վրայ:   Այս մասին տեղեկութիւնը   փոխանցեց    «Արեւելք»ի  Դամասկոսի աղբիւրը:

 Ըստ նախնական  տուեալներու  երէկ  տեղի ունեցած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով    զոհուած  են 8   անձեր, մինչ   վիրաւորներուն թիւը  հասած է 15-ի:

  Կը նշուի, որ      հրթիռներ ինկած են մասնաւորապէս  Խալէտ Ըպն Ուաիտ, Առնուս, Պապ Թումա եւ Ժարամանա   շրջաններուն վրայ:

 Կը հաղորդուի նաեւ, որ ահաբեկչական  խմբաւորումներ    թիրախ ընտրծ են    մայրաքաղաքի  «Ֆայհա» մարզական  աւանը,  ուր զոհուած են   Ժուտոյի     մարզիկներ  ՝ Տիա  Ալ տին Պատըր  եւ Մոհամէտ  Խանճի: Կը  հաղորդուի նաեւ, որ  նոյն վայրին մէջ ինկած հրթիռներուն հետեւանքով   վիրաւորներուն թիւը հասած է  10 -ի, որոնց երկուքը կը գտնուին ծանր վիճակի մը մէջ: Յիշեցնենք, որ  վերջին  շրջանին Դամասկոսը հետեւողական կերպով  թիրախ կը դառնայ մայրաքաղաքի  շուրջ  գտնուող  ահաբեկչական  խմբաւորումներու        արձակած մասնաւորապէս «հաուն»  տիպի հրթիռներու   թիրախ: