Կարեւոր համարուող իրադարձութեամբ մը Լիբանանի գաղտնի սպասարկութեան մարմիններ ձերբակալած են Մոհամմատ Ալ Հուժայրին, յայտնի ՝ Ապու Թաքիյէ անունով:
Կը նշուի, որ ձերբակալման դէպքը կատարուած է այսօր վաղ առաւօտ երբ բանակի գաղտնի սպասարկութեան ջոկատ մը յաջողած է վերջինս ձերբակալել անոր Արսէլ աւանի մէջ եղող տան մէջ: Ապու Թաքիյէի անունը ուղղակիօրէն կը կապուի Տահէշի կողմէ առեւանգուած ու ապա ծանր պայմաններու տակ սպաննուած լիբանանեան բանակի զինուորներու թղթածրարին հետ: Ան մասնաւորապէս առաջին շրջանին փորձած է միջնորդի դեր մը կատարել, սակայն աւելի ուշ դարձած է հետախուզման տակ գտնուող եւ անբաղձալի տարր մը: Յիշեցնենք, որ անցեալ ամառ Լիբանանեան բանակը լայնածաւալ գործողութիւն մը կատարելով յաջողած էր «մաքրգործել» Արսէլի եւ Ռաս Պաալպէքի լեռնային հատուածները եւ հոնկէ վտարել Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման բոլոր ահաբեկիչները: Բանակի կատարածը կը համարուի կարեւոր ձեռքբերում , հակառակ անոր, որ կը յայտնաբերուէր նաեւ որ 2014 թուականին առեւանգուած զինուորները բոլորն ալ սպաննուած էին: